Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աղքատներ, կանայք, եպիսկոպոսներ, թուայնային նիւթեր որոնք պէտք է խորապէս ուսումնասիրուին յաջորդ սիւնհոդոսին համար

Ֆրանչիսկոս Պապին Սիւնոդի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Մարիօ Կրէքին կ՝ուղղէ նամակ մը, որ կը վերաբերի անցեալ հոկտեմբերին կայացած սիւնհոդոսականութեան նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ Սիւնհոդոդոսի ընդհանուր քարտուղար, կարդինալ Մարիօ Կրէքին ուղղեց նամակ մը, որ կը վերաբերի անցեալ հոկտեմբերին կայացած Սիւնհդոսականութեան նուիրուած եպիսկոպոսներու  սիւնհոդոսին, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ որ կազմուին յատուկ ուսումնական խումբեր, քննարկելու եւ ուսումնասիրելու համար անցեալ 28 հոկտեմբերի 2023ին, վաւերացուած եպիսկոպոսներուն սինհոդոսի կանոնական 16-րդ ընդհանուր ժողովին առաջին նստաշրջանին ամփոփ զեկոյցին մէջ պարունուկուած Աստուածաբանական, իրաւական, հովուական ծառայութեան հարցերը, «որոնք իրենց բնութեամբ կարիքը ունին խոր ուսումնասիրութեան», գրած է Սրբազան Հայրը։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսոս Պապ նշեց, որ անցեալ 16 փետրուարին հրապարակած իր ինքնագիր նամակին լոյսին ներքոյ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան պարտականութիւնն է՝ համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի տարբեր վերատեսչութիւններու կազմել ուսումնական խումբեր ու հրաւիրեն, որ այդ խումբերուն մաս կազմեն բոլոր ցամաքամասերուն հոգեւոր հովիւները եւ մասնագէտները՝ քննարկելու համար ոչ միայն արդեն գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները նաեւ տեղական եկեղեցիներուն մէջ հաւաքուած Աստուծոյ ժողովուրդի ապրած  փորձառութիւնները։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ որ վերոյիշեալ խումբերու կազմաւորումի շնորհիւ եպիսկոպոսները իրենց ընդհանուր սիւնհոդոսի երկրորդ նստաշրջանին առիթ պիտի ունենան առ աւելիով կեդրոնանալ այն գլխաւոր նիւթին շուրջ զոր ինք յանձնարարած է ժամանակին եւ զոր կարելի է ամփոփել հետեւեալ հարցումին մէջ «Առաքելութեան մէջ ինչպէս դառնալ սիւնհոդասական եկեղեցի»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ Կարդինալ Կրէքի ուղղած նամակին մէջ կը ներկայացնէ ուսումնական խումբերուն յատկացուած տասը նիւթեր՝ ամփոփիչ զեկոյցի պարունակութիւններու լոյսիս տակ։

1) Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ Լատին եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններուն կարգ մը երեւոյթները։

2) Աղքատներուն ճիչի լսումը։

3) Առաքելութիւնը թուայնային շրջանակէն ներս։

4) Վերանայում Վատիկանի Տիեզերական ժողովէն բխած քահանաներուն կազմաւորման նուիրուած Ratio Fundamentalis Institutionis Sacerdotalis փաստաթուղթին՝ միսիոնարական, սինոդական հեռանկարին ներքեւ։

5) Աստուածաբանական եւ իրաւագիտական կարգ մը հարցեր՝ քահանայական ծառայութեան յատուկ ձեւերու շուրջ։

6) Վերանայում միսիոնարական եւ սինոդական հեռանկարի մէջ այն փաստաթուղթերուն, որոնք կը կարգաւորեն եպիսկոպոսներուն, կրօնաւորական կեանքի, եկեղեցական համախմբումներուն յարաբերութիւնները

7) Եպիսկոպոսներուն դիմագիծի եւ պաշտօնին կարգ մը տեսակէտները, յատուկէն Եպիսկոպոսի թեկնածութեան չափանիշեր, Եպիսկոպոսին դատական պաշտօնը, եպիսկոպոսներու հնգամեայ այցելութեան բնոյթն ու ընթացքը, միսիոնարական սինոդական հեռանկարով։

8) Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն դերակատարութիւնը միսիոնարական սինոդական հեռանկարին մէջ։

9)  Աստուածաբանական չափանիշեր եւ սինոդասական մեթոտներ վարդապետական, հովուական ծառայութեան եւ բարոյական հարցերու բաժնեկցուած զատորոշումի համար։

10) Եկեղեցական ընթացակարգերու ներքոյ համամիութենական ուղեւորութեան պտուղներու ընկալումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 14:33