Աւետարանին մէջ աղքատներն ու դիւրաբեկները Ենթականեր են եւ ոչ առարկայ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սաքրոֆանոյի «Fraterna Domus» կեդրոնատեղիին մէջ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ «Հիւրընկալութեան ամպիոն» խորագիրով ձեռնարկը որուն նպատակն է խորացնել հիւրընկալութեան մարդաբանական և բարոյական դիմագիծը ու քննարկել «ընդունման համակարգի» հիմնական իրաւատնտեսական մարտահրաւէրները։ Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը, ուրբաթ` մէկ Մարտին ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովականներուն, յայտնելով` թէ «Fraterna Domus» կեդրոնատեղին «հիւրընկալ» վայր մըն է եւ ասոր համար է, որ այնտեղ գործող «Fraterna Domus» ընկերակցութեան քոյրերը այս ձեռնարկին շարժիչ ուժն են։
Պաղահարութեան պատճառաւ Քահանայապետը չկարենալով կարդալ ճառը, անոր ընթերցումը կատարեց Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլին` Պետական Քարտուղարութեան խորհրդատուն։
Ճառին մէջ Սրբազան Պապը ակնարկելով հաւաքի օրակարգին գնահատանք կ՛արտայայտէ «դիւրաբեկութեան» նիւթը կեդրոնական նիւթ ընտրած ըլլալուն համար եւ ասկէ մեկնելով կ՛առաջարկէ մտորումներ.
Ըլլալ դիւրաբեկ
«Առաջինը` դիւրաբեկ եղբայրներն ու քոյրերը ընկալելու համար պէտք է, որ մենք ալ մենք մեզ զգանք դիւրաբեկ եւ ընկալուած Քրիստոսէն», կը նշէ Քահանայապետը աւելցնելով. «Եթէ մենք մնանք Անոր մէջ, ինչպէս որթատունկի ճիւղերը, ապա բարի պտուղ կու տանք նոյնիսկ հիւրընկալութեան այս հսկայական դաշտին մէջ»:
Դիւրաբեկութիւնը չի կարող ըլլալ «քաղաքականապէս ուղղամիտ» նիւթ մը
Երկորդ մտորմումի որպէս նիւթ Քահանայապետը կ՛ակնարկէ Յիսուսի հանրային առաքելութեան որուն մեծ մասը անցուց աղքատներու եւ հիւանդներու հետ շփումի մէջ եւ այս մէկը «մեզի կը հասկցնէ թէ դիւրաբեկութիւնը չի կարող ըլլալ «քաղաքականապէս ուղղամիտ» նիւթ մը»։ «Այս կ՛ըսեմ որովեհետւ վտանգը կայ, որ դիւրաբերկութիւնը դառնայ դասակարգ ու մարդիկ անդեմ անհատներ, ծառայութիւնը «ներկայացում» և այլն։ Ուստի պէտք է կառչած մնալ Աւետարանին, Յիսուսին, ու հետեւիլ անոր ուսուցումներուն, օրինակին` որ է «մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն», որուն հետեւեցան բազմաթիւ այր մարդիկ ու կիներ, որոնք սրբացան փոքրիկներու, աղքատներու ու դիւրաբեկներու հիւրընկալութեան միջոցաւ» կը նշուի ճառին մէջ:
Դիւրաբեկները ընկերութեան մէջ Աւետարանի ներկայութիւն
«Աւետարանին մէջ աղքատներն ու դիւրաբեկները ենթականեր են եւ ոչ առարկայ։ Անոնք Յիսուսին հետ դերակատարներ են Աստուծոյ Արքայութեան հռչակումին» կը հաստատէ Սրբազան Պապը ակնարկելով Երիքովի կոյրի բժշկութեան դրուագին ու հրաւիրելով ներկաները ընթերցելու զայն ու խոկալու անոր մասին։
«Դիւրաբեկ Բարտիմէոսը, փրկուած Յիսուսէն կը մասնակցի Յարութեան վկան ըլլալու ուրախութեան», կը նշէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով` թէ Աւետարանին մէջ կան նաեւ այլ օրինակներ, ապա ճառը կ՛եզրափակէ հաստատելով` որ «Քրիստոսի շնորհքով և Անոր ոճով հանդիպած և ընկալուած խոցելի մարդիկ կարող են ըլլալ Աւետարանի ներկայութիւն, հաւատացեալներու հասարակութեան ու ընկերութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ