2024.03.23 Dirigenti e Personale della Rai-Radiotelevisione Italiana

«Ճշմարտութիւնը մէկ է, ներդաշնակ է, կարելի չէ զայն բաժնեկցիլ անձնական շահերուն հետ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 23 Մարտ 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին, հեռուստակայանի հիմնադրութեան 80 ամեակին առիթով։

Ողջունելով բոլոր ներկաները Քահանայապետը շնորհաւորեց տարեդարձը ակնարկելով նաեւ հեռուստակայանի վատիկանի կառոյցներուն հետ տարիներու համագործակցութեան, ապա խօսքը կեդրոնացուց լրատուամիջոցի երկու երեւոյթներու վրայ` «հանրայինը» եւ «ծառայութիւնը» որովհետեւ, ըսաւ Ան, «անոնք լաւապէս կը նկարագրեն ձեր առաքելութեան հիմքը` որ է հաղորդակցութիւն, որպէս հասարակութեան համար պարգեւ» եւ ասկէ մեկնելով խօսքը կեդրոնացուց նախ «ծառայութիւն» բառին վրայ։

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին
Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին

Ծառայութիւն

«Ձեր գործը կ՛ուզէ ըլլալ նախ եւ առաջ պատասխան քաղաքացիներու կարիքներուն...գործունէութեամբ մը, որ ի վիճակի ըլլայ արտայայտուելու համայն տարածքին վրայ... յարգելով ու խթանելով իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու հաստատեց. «Ճշմարտութիւնը մէկ է, ներդաշնակ է, կարելի չէ զայն բաժնեկցիլ անձնական շահերուն հետ»։

Խթանել ճշմարտութիւնը

«Տեղեկատուութեան դաշտին մէջ ծառայելը կը նշանակէ խթանել ճշմարտութիւնը, զոր օրինակ հակազդելով սուտ լուրերու տարածումին որ նենգ ծրագիրն է, անոնց` որոնք կը փորձեն գաղափարական ճանապարհով ազդել հասարակական կարծիքի վրայ, ստելով և խաթարելով սոցիալական հիւսուածքը։ Ճշմարտութիւնը կարելի է ընկալել սորվելով ունկնդրել ձայներու բազմազանութիւնը... մատուցելով ճիշտ տեղեկատուութիւն... երաշխաւորելով բազմակարծութիւնը, որ կը յարգէ տարբեր կարծիքներն ու աղբիւրները...ասոր համար ձեզ կը խրախուսեմ մշակելու երկխօսութիւնը հուսելով միութեան թելեր» թելադրեց Նորին Սրբութիւնը։

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին
Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին

Չի յանձնուիլ վատագոյնին

Ան ակնարկեց հուսկ հեռուստակայանի հաղորդակցութեան ոլորտէն ներս մատուցած զանազան ծառայութիւններուն հրաւիրելով ներկաները «խթանելու գեղեցկութեան որոնումը, զարկ տալ զօրակցութեան շարժականութեան, պաշտպանել ազատութիւնը, աշխատիլ այնպէս, որ իւրաքանչիւր գեղարուեստական ​​արտայայտութիւն օգնէ իւրաքանչիւրին ու բոլորին բարձրանալու, արտացոլելու, յուզուելու, ժպտալու և նոյնիսկ յուզմունքի արցունք դափելու, գտնելու համար կեանքի իմաստը, լաւին հեռանկարը, իմաստ մը որ վատագոյնին յանձնում չըլլայ»:

Առաջարկել բարոյական տիպարներ

Քահանայապետը ապա մէջբերեց 2024ի Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու Օրուան նուիրուած իր պատգամէն հետեւեալը. «անհրաժեշտ է կանխարգելիչ կերպով գործել՝ առաջարկելով բարոյական կարգաւորման տիպարներ՝ կանխելու արհեստական բանականութեան համակարգերու վնասակար և խտրական, սոցիալապես անարդար հետևանքները և հակազդելու անոնց կիրառմանը` բազմակարծութեան նուազեցման, հասարակական կարծիքի բևեռացնեն ու միակ մտքի կառուցման ծիրէն ներս»։

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին
Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին

Հանրային

Ակնարկելով հուսկ «հանրային» բառին, Նորին Սրբութիւնը նշեց` թէ այս կը նշանակէ, որ «ձեր աշխատանքը կապուած է հասարակաց բարիքին, բոլորին բարիքը եւ ոչ թէ միայն ոմանց» շեշտեց Ան, նշելով, որ այս կը պահանջէ առօրեայի յանձնառում նկատի ունենալու եւ ձայն տալու մասնաւորապէս ամենավերջիններուն, աւելիով աղքատներուն ու անոնց` որոնք ձայն չունին։...Կը նշանակէ նաեւ կոչումը ունենալ ըլլալու ճանաչողութեան մէջ աճումի գործիք, որ խորհիլ կու տայ ... ու իրականութեան վրայ կը բանայ նոր հայեցաք» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ներկաները չի հետապնդելու «բովանդակութեան հաշւոյն վարկանիշերը» այլ «առաջարկի միջոցաւ ձևաւորելու «որակի համատարած պահանջարկ»։

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին
Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական RAI հեռուստակայանի անձնակազմին

Ընկերային կենսական արժէքներու վերամշակում

«Միւս կողմէ հաղորդակցութիւնը, ճիշտ, որպէս երկխօսութիւն՝ յանուն բոլորի բարօրութեան, կարող է հիմնարար դեր խաղալ նաև սոցիալականս կենսական արժէքներու վերամշակման գործին մէջ, ինչպիսիք են քաղաքացիութիւնը և մասնակցութիւնը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները հեռուստատեսիլի միջոցաւ իտալացիներու տուներուն մէջ մուտք գործել ոչ որպէս «ամենագէտներ» այլ` որպէս «խումբ մը բարեկամներ որոնք կը բախեն դուռը մատուցելու համար ընկերութիւն, բաժնեկցելու ուրախութիւն եւ ցաւ, խթանելու ընտանիքին ու ընկերութեան մէջ միութիւն եւ հաշտութիւն, ունկնդրութիւն ու երկխօսութիւն, տեղեկացնելու ու նաեւ մտիկ ընելու յարգանքով եւ հեզութեամբ»։

Քահանայապետը հուսկ բոլորին վրայ հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնները ու զանոնք յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին խնդրելով որ բարեհաճին չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2024, 10:34