«Գլորենք քարերը մեր սրտերու դռներէն ու հայեացքը ուղղենք Քրիստոսի». Ֆրանչիսկոս Պապին Զատկուայ Հսկումի արարողութեան քարոզը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 30 Մարտին, Աւագ Շաբաթ օրը, երեկոյեան ժամը 7,30ին, Ֆրանչիսկոս պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումի արարողութիւնը, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի գաւիթին մէջ նոր հուրը օրհնութեամբ, ապա Քահանայապետն ու կղերական դասը Զատկական մոմով մուտք գործեցին Պազիլիքա, ուր տեղի ունեցաւ է Խօսքի, Սուրբ Մկրտութեան ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներու մատակարարումը եւ տարբեր երկիրներէ, Քորէայէն, Իտալիայէն, Ճափոնէն, ու Ալպանիայէն ժամանած` ութը չափահասներու մկրտութիւնը։
Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը կեդրոնացուց կիներուն վրայ որոնք Յիսուսի թաղումէն ետք գացած էին գերեզմանը այցելելու ու կը մտածէին թէ ո՞վ պիտի օգնէր իրենց գերեզմանին դուռը փակող հսկայական գլորէր քարը։
Ո՞վ պիտի գլորէ քարը
«Անոնք տակաւին իրենց սրտին մէջ կը պահպանեն գիշերուան խաւարը, ու թէեւ ունեւորութեան մէջ են...անոնց ոտքերը մնացած են խաչին ոտքին...ապրելով այն զգացումը թէ ամէն բան աւարտած է ու թէ Յիսուսի հարցին վրայ քար մը դրուեցաւ։ Եւ ճիշտ այդ քարն է իրենց մտածումներուն կիզակէտը» ըսաւ ի միջի այլոց քարոզին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով թէ ինչպէս երբ անոնք կը հասնին գերեզման իրենց աչքերը բարձրացնելով տեսան որ քարը թաւալած էր եւ շատ մեծ էր» (Մարկ. 16,4).
«Այս մէկը կարող է պատահիլ նաեւ մեզի։ Շատ անգամ կը զգանք որ մեր սրտի մուտքին զետեղուած է ծանր գերեզմանաքար մը, խեղդելով կեանքը, մարելով յոյսը, բանտարկելով մեզ վախերու ու դառնութեան գերեզմանին մէջ, փակելով ուրախութեան ու յոյսի ճանապարհը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով մեր դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն, ձախողութիւններուն ու տառապանքներուն, վախերուն ու փակումներուն, ապա եսասիրութեան ու անտարբերութեան պատնէշներուն, որոնք մեզմէ կը հեռացնեն յանձնառութիւնը կառուցելու արդար քաղաքներ ու մատնանշելով նաեւ այն խաղաղութեան տենչերուն որոնք խորտակուած են ատելութեան դաժանութեամբ և պատերազմի կատաղութեամբ։
Աչքերը բարձրացնենք դէպի վէր
«Երբ ապրինք այս հիասթափութիւնները, մենք ալ ունինք նոյն զգացումը, թէ շատ մը երազանքներ վիճակուած են փշրուելու, ու մենք եւս տագնապի մէջ մենք մեզի կը հարցնենք. . ո՞վ պիտի գլորէ մեր գերեզմանին քարը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց հետեւիլ այդ իւղաբեր կիներուն ու անոնց նման մեր կարգին մեր աչքերը բարձրացնենք նշմարելու համար որ այդ քարը գլորած է։
Քրիստոս յաղթեց մահուան
«Ահա Քրիստոսին Զատիկը, ահա Աստուծոյ զօրութիւնը` կեանքին յաղթանակը մահուան վրայ, լոյսին յաղթանակ խաւարին վրայ, յոյսի վերածնունդը անյաջողութեան փլատակներուն մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «անկարելի բաներուն Աստուած Տէրը, գլորեց այդ քարը ու բացաւ մեր գերեզմանները որպէսզի յոյսը աւարտ չունենայ։ Ուստի դէպի Անոր է որ պէտք է բարձրացնենք մեր հայեացքը»... ան որ մարդուս կերպարանքը առաւ ու անցաւ մահուան անդունդէն բացաւ անվերջ լոյսի ճեղք մը, մարդուս համար նոր էջ մը...եւ այդ պահէն սկսեալ եթէ մենք թոյլ տանք, որ Յիսուս բռնէ մեր ձեռքէն բռնէ մեզ, ոչ մի անյաջողութեան և ցաւի փորձ, որքան ալ ցաւ պատճառէ, կարող չէ վերջին խօսքն ունենալ մեր կեանքի իմաստի և ճակատագրին վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը վերահաստատելով որ Յիսուս մեզ Զատիկն է` Ան որ մեզ խաւարէն դէպի լոյս կը տանի, որ մեզի կապուեցաւ մէկ ընդ միշտ, ու մեր կը փրկէ մահուան ու մեղքի անդունդէն։
«...Ասիկա Զատիկն է Տիրոջ, տօնն է ողջերուն»։
«Բարձրացնենք մեր հայեացքը Անոր, ընկալենք Յիսուս, կեանքը Աստուածը մեր կեանքին մէջ, նորոգենք մեր «այոն» եւ ոչ մէկ քար պիտի կարողանայ խեղդել մեր սրտերը, ոչ մէկ գերեզման պիտի կարողանայ պարփակել ապրելու ուրախութիւնը, ոչ մէկ անյաջողութիւն պիտի կարողանայ մեզ յուսահատութեան մատնել» խրախուսեց Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրելով հայեացքը սեւեռելու Անոր` Յարուցեալին։
«Այս սուրբ գիշերուան մէջ ձեր սրտին մէջ թող ժայթքի ուրախութիւնը միասին երգենք Յիսուսին յարութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը աւարտելով Հայր Jean-Yves Quellec-ի Սուրբ Յարութեան տօնին նուիրուած տաղին բառերով, «...Ասիկա Զատիկն է Տիրոջ, տօնն է ողջերուն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ