Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քամիլօ Ֆարէսին անուան հիմնադրամի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քամիլօ Ֆարէսին անուան հիմնադրամի անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Վերջիններուն միջեւ միասին աշխատինք

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը գերապայծառ Քամիլլօ Ֆարէսին անուան հիմնադրամի անդամներուն՝ հիմնադրութեան 20-րդ ամեակի առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 16 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գերապայծառ Քամիլլօ Ֆարէսին անուան հիմնադրամի անդամները՝ հիմնադրութեան 20-րդ ամեակի առթիւ ու անոնց ուղղեց պատգամ մը, զոր ընթերցեց գերապայծառ Չամփանելլին։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ընդհանուր անդրադարձ կատարեց հիմնադրամի անդամներուն կատարած բարեսիրական աշխատանքներուն՝ ընկերային, առողջապահական ոլորտէն ներս, ապա քաջալերեց երկու կարեւոր գիծեր՝ անոնց աշխատանքներու համար։ Աշխատիլ վերջիններուն միջեւ եւ աշխատիլ միասին։

Աշխատիլ վերջիններուն միջեւ

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը օրինակ բերաւ հիմնադրամի հիմնադիր, գերապայծառ Ֆարէզին ու անոր եղբայրները նշելով, որ անոնք համեստ ու պարզ անձեր էին ու եղբայրսիրութեան արժէքը ու միսիոնարական եռանդը սորվեցան արժանավայել ընտանիքի շրջանակէն ներս ու Աստուծոյ շնորհքին շնորհիւ իրենց ապագային համար քաղեցին հրաւէր մը՝  կանգնելու վերջիններուն միջեւ եւ օգնելու վերջիններուն եւ այս մէկը կատարեցին անխոնջ սիրտով, վեհանձնութեամբ, ինչպէս նաեւ մեծ դժուարութիւններով։

Սրբազան Հայրը նշեց, որ ըլլալ վերջիններու հետ, գերապայծառ Ֆարէզինիի թողած ընդօրինակելի հիանալի տիպար է,  եւ այդ իրականացնելու համար պէտք է, որ Հիմնադրամին ծրագիրներուն համար ընտրել ամենաղքատ վայրերը՝ որպէս յատուկ վայրեր եւ խոստացուած հողերը, սկսելու համար նոր ծրագիրներու, նեցուկ կանգնելով համայնքներուն, աշխատելով աղքատներուն մէջ ու անոնց հետ կիսելով կեանքը։

Միասին աշխատիլ

Այս կապակցութեամբ Սրբազան Հայրը յարեց, որ ինք տեղեակ է այն իրողութենէն, որ հիմնադրամի անդամները կը համագործակցին տարբեր բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ, «ինչ որ բարի ճանապարհ է», ու  միասին աշխատիլը ինքնիր մէջ ապրուած Աւետարանի աւետում է եւ հիմնադրութեան համար եղբայրսիրութեան եւ հաղորդութեան կազմաւորման ճանապարհ։

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ միասին աշխատիլ չնշանակեր միայն բարիք ընել այլեւ եւ յատկապէս  կը նշանակէ միասնաբար աճիլ՝բարիին մէջ, մէկու միւսին ծառայելով եւ զօրակցելով։ Միասին աշխատիլ Աստուածային նախախնամութեան հաւատքի արտայայտութիւն է… ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ Աստուծոյ գործերուն ամենակարեւոր աղբիւրները իրերը չեն այլ մենք ենք՝ խելամտօրէն միացած մէկը միւսին, որպէսզի կիսենք այն ինչ, որ ենք. մեր ցանկութիւնը, մեր ստեղծագործութիւնը մեր կարողութիւններն ու փորձառութիւնները ինչպէս նաեւ մեր տկարութիւններն ու դիւրաբեկութիւնը։ «Այս համբերատար կիսուելէն, իւրաքանչիւրին ներդրման արժէքաւորումէն կը բխի ուժի եւ շօշափելիութեան պտուղները ինչպէս վկայած է անցեալի եւ ներկայի հիմնադրամի պատմութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով հիմնադրամին անդամներուն կատարած աշխատանքներու համար, յանձնելով զանոնք Տիրամօր հովանին ապա  իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2024, 09:49