Լատին Ամերիկայէն գաղթականներ Լատին Ամերիկայէն գաղթականներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մօտիկ կանգնինք անարդարութիւններու պատճառաւ թշուառութեան մէջ ապրող աղքատներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը 20էն 23 մարտին կայացած Պրազիլի մէջ ընկերային 6-րդ շաբաթ հանդիպումի մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Պրազիլի Եպիսկոպոսական հովուական ծառայութեան յանձնաժողովի կողմէ կազմակերպուած, «Պրազիլը որ կ՝ուզենք, Ժողովուրդներուն լաւ ապրիլը» վերտառութեամբ Պրազիլի մէջ 6-րդ ընկերային շաբթուան հանդիպումի մասնակիցներուն։ Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց հանդիպումի մասնակիցները ինչպէս նաեւ իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ապահովուեց, որպէսզի հանդիպումը առատ պտուղ տայ։ 

Անդրադառնալով հանդիպումին նպատակին, Սրբազան Հայրը գրեց, որ 1991 թուականէն Պրազիլի ընկերային շաբաթը  որպէս ուղեւորութիւն առաջարկեց «Ելքի մէջ եկեղեցի», նուիրուած անտարբերութեան եւ թափօններուն պատերը վերացնելու, ուղեկցելով ամենաշատ աղքատները, որոնք զերծ են իրենց հիմնական իրաւունքներէն՝ երկրի, բնակարանի եւ աշխատանքի համար իրենց պայքարին մէջ։

Նորին Նրբութիւնը նշեց, թէ Պրազիլի ընկերային շաբաթը կ՝առաջարկէ նաեւ աւելի կայուն եւ նոր տնտեսութիւն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական արժէքներուն վերածնունդ, որոնք կ՝օգնեն կառուցելու ընկերութիւն մը, ուր կայ իրական ժողովրդական մասնակցութիւն, Ազգի որոշումներուն կայացման համար։ «Շնորհակալ եմ այս յանձնառումին համար ինչպէս նաեւ Պրազիլի երիտասարդներուն հետ միասին, «Քիարայի եւ Ֆրանչիսկոս տնտեսականութեան խթանման համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնելով, որ յիշեալ հանդիպումը արդիւնաբեր դառնայ աւելի արդար ընկերութեան կառուցման ի նպաստ, «Ուր այս տարուան Եղբայրութեան քայլարշաւի փափաքին համաձայն, կ՝ապրուի եղբայրական տիեզերականութիւն եւ ընկերային բարեկամութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը նամակը աւարտեց քաջալերելով, «Նայիլ բոլոր անոնց, որոնք ստիպուած են ապրելու թշուառութեան մէջ ընկերային անարդարութիւններուն պատճառաւ, նկատել տալով, որ Յիսուսի դիմագիծը մեզ կը մղէ անտարբեր չմնալու, որովհետեւ ինքն է, որ ըսած է, «Այն ինչ որ կ՝ընէք այս իմ փոքրիկ եղբայրներուս, ինծի համար ըրած կ՝ըլլաք» " (Մատթ 25, 40)։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2024, 11:14