Ֆրանչիսկոս Պապ , Մալթային հանրապետութեան նախագահ Ֆրանչիսկոս Պապ , Մալթային հանրապետութեան նախագահ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի Հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ այսօր իր պաշտօնական գործունէութիւններու շարքին ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 21 մարտին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահ, տիար ՃորՃ Վելլան։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն ենթաքարտուղար, գերապայծառ Միրոսլավ Ստանիսլաօ Վաչովսքին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին գոհունակութեամբ արտայայտուած են երկու կողմերու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններու համար։ Կեդրոնացումի նիւթ եղած են միջազգային գետնի վրայ տարբեր նիւթեր, յատուկէն Միջերկրականին ծովու տարածաշրջանին, Ուքրանիոյ, Պաղեստինի Իսրայէլի պատերազմներուն ինչպէս նաւ գաղթականութեան վերաբերող թեմաներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2024, 13:42