Ֆրանչիսկոս Պապ. Արդարութեան իրականացման համար անհրաժեշտ է առանց հերոսութեան խիզախութիւն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 2 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի դատարանի դատաւորները, անձնակազմն ու համագործակիցները, դատական 95-րդ տարուան բացումին առթիւ։
Քահանայապետը տակաւին հարբուխի բռնուած ըլլալով Անոր պատգամը կարդաց Գերապայծառ Չամփանելլին, որուն մէջ Սրբազան Հայրը իր խօսքը կեդրոնացուց քաջութեան առաքինութեան վրայ։
«Քաջութիւնը կը պարունակէ խոնարհ ուժ մը, որ հիմնուած է հաւատքի եւ Աստուծոյ մօտիկութեան վրայ եւ կ՝արտայայտուի յատուկ ձեւով՝ համբերութեամբ եւ հաստատակամութեամբ գործելու կարողութեամբ,մերժելով ներքին եւ արտաքին պայմանները, որոնք կը խոչընդոտեն բարիքի իրականացումը ու այդ խիզախութիւնը կողմնորոշէ կաշառակերները ու զանոնք կը կղզիացնէ, անոնց փակ եւ կարծր սիրտով» կը կարդանք պատգամին մէջ, որուն մէջ Նորին Սրբութիւն նկատել կու տայ որ այդ քաջութիւնը մենք հիացումով կը տեսնենք շատ մը այրերու եւ կիներու մէջ, որոնք կ՝ապրին դժուար փորձութիւններ. պատերազմի զոհերն ու բոլոր անոնք որոնք ենթարկուած են մարդկային իրաւունքներուն խախտումներուն, որոնց շարքին հալածուած քրիստոնեաները, ու այդ անարդարութիւններուն առջեւ Սուրբ Հոգին է, որ ուժ կու տայ չվհատելու ու կը յառաջացնէ զայրոյթ ու քաջութիւն, «զայրոյթ այդ անընդունելի իրողութիւններուն դիմաց եւ քաջութիւն զանոնք փոխելու»։
Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը քաջալերեց դատական ատեանի անդամները խիզախութեամբ դիմակայելու առօրեայ դժուարութիւնները՝ ընտանիքի եւ ընկերութեան մէջ, յանձնառու ըլլալու զաւակներու ապագային եւ պահպանելու ընդհանուր տունը եւ մասնագիտութեամբ ստանալու պատասխանատուութիւնները ու քաջութիւնը ունենալ աղաչելու աղօթքի մէջ, որպէսզի Սուրբ Հոգին միշտ լուսաւորէ անհրաժեշտ զատորոշումը, արդար վճիռի արդիւնքին հասնելու համար։
Քահանայապետը ճառը աւարտեց, մաղթելով Վատիկանի դատական ատեանի անդամները, որ իրենց արդարութեան ծառայութեան մէջ՝ խոհեմութեան հետ միասին պահպանեն քրիստոնէական քաջութիւնը, ապահովուեց որ Տիրոջ կ՝աղօթէ, որպէսզի բոլորին մէջ զօրացնէ քաջութեան առաքինութիւնը։ Սրբազան Հայրը հայցելով Տիրամօր հովանին եւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը, պատգամը աւարտեց խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ