2024.03.10 Angelus

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց կիներու միջազգային օրը, Հայիթիի տագնապը, ռամատանը եւ նորոգեց խաղաղութեան կոչը

Սրբազան Պապը յիշեց երկու օր առաջ յիշատակուած կիներու միջազգային օրը հրաւէր ուղղելով որպէսզի յարգուի անոնց արժանապատւութիւնը։ Ան ապա կոչ ուղղեց Հայիթիի մէջ դադրեցնելու բռնութիւնները ու գործելու խաղաղութեան եւ հաշտութեան ի նպաստ։ Ողջունելէ ետք իսլամ եղբայրները որոնց այսօր կը սկսին ռամատանը, Սրբազան Պապը նորոգեց կոչը որպէսզի դադրին հակառակութիւնները եւ հաստատուի խաղաղութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 10 Մարտ 2024ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով աղօթքին առիթով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց մի քանի օր առաջ յիշատակուած Կիներու Միջազգային օրը այս ուղղութեամբ իր մօտիկութիւնը արտայայտելով բոլոր կիներուն ու յատուկէն անոնց` որոնց ոտնահարուած է արժանապատուութիւնը։

Կիներու Միջազգային օրը

«Մեզմէ իւրաքանչիւրս տակաւին մեծ աշխատանք պէտք է տանի որպէսզի կիներուն հաւասար արժանապատուութիւնը ճանչցուի գործնական կերպով։ Հասարակական և քաղաքական հաստատութիւններն են, որոնք հիմնարար պարտականութիւնն ունին պաշտպանելու և առաջ մղելու իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը, կեանքի կրողներուն, կանանց առաջարկելով անհրաժեշտ պայմաններ, որպէսզի կարողանան ընդունիլ կեանքի նուէրը և իրենց երեխաներուն ապահովել արժանավայել գոյութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Հայիթիի ճգնաժամը

Ան ապա նշեց, թէ մտահոգութեամբ ու ցաւով կը հետեւի Հայիթին հարուածած ծանր տագնապին ու վերջին այս օրերուն տեղի ունեցած բռնութեան իրադարձութիւններուն։

«Մօտիկ եմ Հայիթիի Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին որ տարիներէ ի վեր թիրախ է բազմաթիւ տառապանքներու։ Ձեզ կը հրաւիրեմ` Տիրամօր բարեխօսութեամբ աղօթելու, որպէսզի դադրի բռնութեան որեւէ դրսեւորում ու բոլորը իրենց ներդրումը կատարեն աճեցնելու համար խաղաղութիւնը ու Երկրին մէջ հաշտութիւնը, միջազգային հասարակութեան նորոգուած աջակցութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը։

Ռամատանը

Ան ապա յիշեց թէ այսօր իսլամ եղբայրները պիտի սկսին ռամատանը ու մօտիկութիւն յայտնեց անոնց, ապա ողջունեց հրապարակ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը որոնց շարքին նաեւ Հռոմի մէջ ապրող Քոնկոյի հանրապետութեան կաթողիկէ հասարակութիւնը, աղօթք խնդրելով այն երկիրին մէջ խաղաղութեան համար ու նաեւ Ուքրանիոյ եւ Սուրբ երկրի մէջ խաղաղութեան համար։

Խաղաղութեան կոչ

«Թող դադրին հակառակութիւնները` որոնք անմեղ քաղաքացիներուն համար կը յառաջացնեն մեծ տառապանք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ողջոյնի խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն հանար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2024, 12:39