Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը կարդինալ Փոլ Ժոզէֆ Քորտէսի մահուան կապակցութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրի մը մէջ իր մօտիկութիւնը յայտնեց կարդինալ Փոլ Ժոզէֆ Քորտէսին ընտանիքին, որ իր մահկանացուն կնքեց ուրբաթ 15 մարտին, 89 տարեկանին հռոմի մէջ։
Ցաւակցական գիրին մէջ Սրբազան Հայրը երախտագիտութեամբ յիշեց հանգուցեալ ծիրանաւորին «Տիրոջ եւ եկեղեցւոյ հաւատարմութեամբ եւ վեհանձնութեամբ մատուցած ծառայութիւնը, ուշադիր ըլլալով երիտասարդութեան աշխարհի կարիքներուն ինչպէս նաեւ դիւրաբեկ անձերուն, որոնց փոխանցեց Քրիստոսին սէրն ու քնքշութիւնը»։
Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութեամբ յիշեց նաեւ կարդիմալ Քորտէսի Սուրբ Աթոռի մատուցած ծառայութիւնները , նախ որպէս աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդին փոխ նախագահ ապա «Քոր Ունում» ի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, ուր «երբեք ջանք չխնայեց վկայելու Պապին հայրական մտահոգութիւնը ամենաղքատներուն համար»։
Նշենք, թէ կարդինալ Քորտէսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 18 մարտին, յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ Կարդինալական դասին աւագերէց` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթային, մասնակցութեամբ, ծիրանաւորներուն, արքեպիսկոպոսներուն, եւ եպիսկոպոսներուն։ Սուրբ Պատարագի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ ներկայ պիտի գտնուի Կարդինալ Քորտէսի վերջին օծման եւ հրաժեշտի արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ