Pope Francis' weekly general audience

«Աստուած խոնարհ մարդիկ կը փնտռէ». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աստուած խոնարհ մարդիկ կը փնտռէ, մարդիկ, որոնք իրեն կը վստահին եւ ոչ թէ իրենց ու իրենց ծրագիրներուն վրայ։ Քրիստոնէական հեզութիւնը միւս առաքինութիւններու շարքին առաքինութիւն մը չէ, այլ կեանքի հիմնական յատկութիւն. Հաւատալ` որ կարիքը ունինք Աստուծոյ եւ Անոր տեղ բանալ, Անոր վրայ դնելով ամէն վստահութիւն» ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 12 Մարտ 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապին հրատարակած թուիթը կը վերաբերէր քրիստոնէական հեզութեան առաքինութեան։

Թուիթին մէջ կը կարդանք.

«Աստուած խոնարհ մարդիկ կը փնտռէ, մարդիկ, որոնք իրեն կը վստահին եւ ոչ թէ իրենց ու իրենց ծրագիրներուն վրայ։ Քրիստոնէական հեզութիւնը միւս առաքինութիւններու շարքին առաքինութիւն մը չէ, այլ կեանքի հիմնական յատկութիւն. Հաւատալ` որ կարիքը ունինք Աստուծոյ եւ Անոր տեղ բանալ, Անոր վրայ դնելով ամէն վստահութիւն» ։

Սրբազան Պապին այս խօսքերը քաղուած են Անոր անցեալ տարի 3 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ու տարուայ ընթացքին մահացած եպիսկոպոսներուն նուիրուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզէն, որուն մէջ Ան ի միջի այլոց հաստատած էր, որ «Աստուած կը սիրէ հեզութիւնը, որովհետեւ նոյնինքն ինք հեզ է։ Ան խոնարհեցաւ, եկաւ դէպի մեզի...Աստուած ոչ միայն հեզ է այլ հեզութիւնն է» հաստատած էր Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքերուն, որ ինքզինք նկարագրած էր, որպէս «Տիրոջ այգիին մէջ հեզ աշխատող» մը։

«Այո, քրիստոնեան, յատկապէս Պապը, կարդինալները, եպիսկոպոսները կոչուած են ըլլալու խոնարհ աշխատողներ», նշած էր Նորին Սրբութիւնը, անոնք կոչուած են «ծառայելու, ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու, նախքան իրենց սեփական պտուղներուն մտածելու, մտածել Տիրոջ այգիի պտուղներու մասին» աւելցուցած էր Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2024, 13:30