Սրբազան Պապը ընդունեց Գերմանիայի Վարչապետը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Շաբաթ 2 Մարտի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Կանցլեր Տիար Օլաֆ Շոլցին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար` գերապայծառ Միրոզլաւ Վաչովսքին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ զրոյցներուն նիւթերու շարքին էին երկու Պետութիւններու միջեւ բարի յարաբերութիւնները ու պտղաբեր համագործակցութիւնը, քրիստոնէական հաւատքին կարեւորութիւնը գերմանական ընկերութեան ներքոյ, ապա երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր` ինչպէս գաղթականութեան երեւոյթը։
Հուսկ յատուկէն անդրադարձ կատարուեցաւ Ուքրանիոյ ու Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւններուն ու այդ առումով խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումին, ու դիւանագիտական լուծումի մը հասնելու անխոնջ փնտռտուքին, որ հանգեցնէ ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադարեցման։
Քահանայապետին ու Շուլցին միջեւ զրոյցը տեւեց 35 վայրկեան։ Գերմանիոյ Վարչապետը Քահանայապետին յանձնած նուէրներու շարքին անոր նուիրեց - UEFA-EURO 2024-ի պաշտօնական գնդակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ