Խաչի ճանապարհը, կարեկցանքի ճանապարհ է աշխարհի դատապարտումներուն և բռնութիւններուն մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2024 տարուայ ճանապարհ խաչի արարողութեան 14 կայաններուն համար պատրաստած խորհրդածութիւնները երկխօսութիւն մըն են Քրիստոսին հետ, աղօթք են Աղօթքի նուիրուած տարուան ընթացքին, աղերս են, խոկումներ են, խոստովանութիւններ... երկար ու մտերմիկ աղօթք մը։ Արդարաեւ իւրաքանչիւր խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը ներկայանցէ խորհրդածութեան կապուած յատուկ աղօթք մը։
14 կայանները կը պատմեն դէպի գողգոթայ տանող ճանապարհի վրայ Յիսուսին կրած տառապանքները, Անոր հանդիպումները, Մարիամին Անոր ուղղուած սիրալիր հայեացքը խաչի ոտքին, ուր ան կը դառնայ մայրը բոլոր մարդոց, կիները` որոնք կարող են քնքուշ ու արի ժեստեր կատարելու ողբերգական պահերու ընթացքին, կիւրենացին` որ իր օգնութիւնը կը մատուցէ մահուան դատապարտուած Նազովրեցիին, Յովսէփ Արիմաթեցին, որ գերեզմանը կը նուիրէ ուր Աստուծոյ պիտի յաղթէ մահուան, կը հրահրեն խղճի քննութիւն մը, որ այնուհետև կը դառնայ աղօթք, վերջին աղերսանքով մը` ուր Յիսուսին անունը կը կրկնուի տասնչորս անգամ:
Քահանայապետը ճանապարհ խաչին կը ներկայացնէ հաստատելով որ «մենք կ՛ուզենք այս ժամանակը յատկացնել քեզի, դուն որ Գեթսէմանիէն մինչեւ գողգոթայ աղօթեցիր։ Այս Աղօթքի տարուան մէջ կը միանանք քու աղօթքի ուղեւորութեան»
Նորին Սրբութիւնը կը նշէ` որ աղօթքը բնութագրեց Յիսուսին իւրաքանչիւր օրը, որովհետեւ աղօթքը երկխօսութիւն է ու մտերմութիւն։ Բայց է նաեւ «պայքար և խնդրանք» հուսկ «ապաւինում և ընծայ»։
«Աղօթքի միջոցաւ դուն մտար մեզ ցաւի նեղ դռնէն ու զայն ապրեցար մինչեւ վերջ. Զգացինք ցաւ ու անձկութիւն... բայց ճիշտ այդ պայքարի պահուն դուն աղօթեցիր աւելի թախանձագին կերպով, եւ այդպիսով ցաւը փոխակերպեցիր սիրոյ պարգեւի» կը գրէ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ հետը մնալ ու հսկել, ոչ թէ անկարելի բան մը, այլ միայն մօտիկութիւն։
«Արթնցուր մեզ Տէրը, արթնցուր մեզ մեր սրտի տագնապէն, որովհետև այսօր ալ, յատկապէս այսօր, կարիքը ունիս մեր աղօթքին» եղաւ Սրբազան Պապին ճանապարհ խաչի ներածական աղօթքը։
Առաջին կայանի մէջ Յիսուս մահուան կը դատապարտուի եւ Սրբազան Պապը այս առիթով կը խորհրդածէ Յիսուսի լրութեան մասին, լրութիւնը` որ է «աղօթք, խոնարհութիւն, ներում, չարը յաղթահարելու միջոց» … լռութիւնը որ այսօրուայ մարդը չի ճանչնար որովհետեւ ժամանակ չի գտներ կանգ առնելու եւ Աստուծոյ ժամանակ յատկացնելու։ Քահանայապետին աղօթքն է. «Խօսէ իմ սրտիս Յիսուս»։
Երկրորդ կայանին մէջ կը յիշատակուի պահը երբ Յիսուս խաչը կ՛առնէ ուսին վրայ. Քահանայապետին համար այս մէկը առիթ է մտածելու ցաւին, յուսախաբութիւններուն, վէրքերուն, ձախողութիւններուն ու նաեւ խաչերուն վրայ զոր կը կրենք։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ իրեն երթալու, երբ յոգնած ու բեռնաւորուած ենք, որպէսզի մեզ յագեցնէ, մենք սակայն կը տատամսինք, … Ան առ այդ մեզի կու գայ իր վրայ առնելով նաեւ մեր խաչերը։ «Շնորհակալ եմ Յիսուս, ես իմ խաչը կը միացնեմ քու խաչիդ, քեզի կը բերեմ յոգնութիւնս ու իմ դժբախտութիւններս, քեզի կը յանձնեմ սրտի բոլոր բեռը»։
Երրորդ կայանին մէջ Յիսուս խաչին ծանրութեան տակ գետին կ՛իյնայ, բայց ան ուժը կը գտնէ վերականգնելու եւ «զինք մղող ուժը կ՛ըլլայ սէրը», կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը. «Որովհետեւ ան` որ կը սիրէ գետնի վրայ չի մնար այլ կը վերսկսի, ան որ կը սիրէ չի յոգնիր, կը վազէ, կը թռչի»։ «Դուն, որ փոշիէն կը վերականգնես եւ ծնունդ կու տաս յոյսին, ինձի ուժ տուր սիրելու և նորէն սկսելու»:
Չորրորդ կայանին մէջ Յիսուս կը հանդիպի իր մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին հանդիպում մը. որ կը հրահրէ հոգատարութիւն ու քնքշութիւն, որ մեզ կը մղէ դիմելու Մարիամին, Մայր զոր Աստուած կը պարգեւէ բոլոր մարդոց։
Հինգերորդ կայանը կը յիշատակէ Սիմոն Կիւրենացին, այն մարդը որ գործէն կը դառնար ու պատահմամբ կը գտնուի խաչի ճանապարհին վրայ ու զինուորները զինք կը ստիպեն օր օգնէ Յիսուսին։ Այս մէկը մեզ կը մղէ մտածելու այն ամբարտաւանութեան որով մենք կը խորհինք թէ առանձին կարող ենք դիմագրաւել կեանքին մարտահրաւէրները։ Դիւրին չէ արդարեւ վստահիլ ուրիշին, եւ աւելի դժուար է մենք մեզ յանձնել անոր։ «Ան որ կ՛աղօթէ սակայն գիտէ. որ կարիքաւոր է» նկատել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Յիսուս եւս որ միշտ կը վստահի աղօթքին մէջ չ՛արհամարհեր Կիւրենացիին օգնութիւնը։ «Յիսուս օգնէ `որ իմ կեանքս ալ փոխուի»
Վեցերորդ կայանը կը խօսի Վերոնիքա անունով կնոջ մասին, որ կը սրբէ Յիսուսին վիրաւոր ու արիւնլուայ երեսը։ Արդարեւ Յիսուսին խաչի ճանապարհին հետեւող անձանց միջեւ կան նաեւ անոնք` որոնք դատումներ ու դատապարտումներ կ՛արձակեն, առանց Յիսուսը ճանչնալու եւ առանց ճշմարտութիւնը իմանալու։ Այս մէկը կը պատահի նաեւ այսօր. ստեղնաշար մը բաւարար է վիրաւորելու եւ արհամարհելու եւ դատավճիռ արձակելու...բայց մինչ շատեր կը պոռան ու կը դատեն Յիսուսը, կին մը կը մօտենայ Անոր եւ գութէ շարժած կը գտնէ ձեւ մը Յիսուսին դէմքը շոյելու։ Մխիթարական արարք մը, որ պատմութեան մէջ կ՛արձանագրուի ու մեզ եւս կը դնէ Քրիստոսի դիմաց, «չսիրուած սէր». Որ այսօր եւս բազմութեան մէջ կը փնտռէ, զգայուն սրտեր, իր կրած չարչարանքներուն դիմաց, կը նշէ Նորին Սրբութիւնը այս կայանի խորհրդածութեան մէջ ապա կ՛աղօթէ «Յիսուս իմ մէջս հրահրէ իղձը քեզի հեր մնալու, քեզ պաշտելու ու մխիթարելու. Եւ ըրէ որ քու անունոքդ ես մխիթարութիւն ըլլամ ուրիշներուն համար»։
Եօթներորդ կայանը կը խօսի Խաչի ծանրութեան տակ Յիսուսի երկրորդ անկումի մասին։ Ծանր է խաչը, եւ Յիսուս դարձեալ կ՛իյնայ կարող ենք մենք մեզ տեսնել Անոր մէջ, ընկճուած իրերու ու կեանքի ծանրութեան տակ...բայց Յիսուսին հետ յոյսը վերջ չունի եւ իւրաքանչիւր անկումէ ետք դարձեալ վեր կը կանգնի, որովհետեւ Աստուած կը սպասէ, կը ներէ, միշտ, նոյնիսկ եթէ մենք իյնանք բազմաթիւ անգամներ։ «Յիսուս` վերականգնէ զիս»։
Ութերորդ կայանին մէջ Յիսուս կը մխիթարէ Երուսաղէմի կիները։ Քահանայապետին համար այս կայանը առիթ է խորհրդածելու կիներու մեծութեան մասին բայց նաեւ այն իրականութեան որ կ՛ապրին այսօր ուր շատ անգամ արհամարհուած են...Անոնց լացը մեզ կը հարցադրէ եթէ գիտենք յուզուիլ Յիսուսին դիմաց որ խաչուեցաւ մեզի համար... ապա թէ ի՞նչ է մեր վերաբերմունքը պատերազմի խելագարութեան դիմաց, առանց ժպիտի մանուկներու դէմքերուն դիմաց, մայրերուն` որոնք զանոնք կը տեսնեն անօթի եւ այլեւս արցունք չունին լալու համար»։ «Յիսուս ցնցէ զիս, շնորհէ ինծի լալու շնորհքը»։
Իններորդ կայանը Յիսուսին մերկացումն է։ Քահանայապետին հրաւէրն է Աստուած տեսնել տառապողներուն մէջ, անոնց մէջ որոնք մերկացած են իրենց արժանապատւութենէն։
Տասներորդ կայանը կը խօսի Յիսուսին խաչելութեան մասին ուր Ան կը ներէ անոնց որոնք զինք կը խաչեն եւ այսպիսով մեզի կը սորվեցնէ թէ մենք ալ կարող ենք քաջութիւնը գտնել ընտրելու ներումը որ սիրտը կ՛ազատէ ու մեզի կը յայտնէ բարեխօսական աղօթքին մեծութիւնը որ աշխարհը կը փրկէ։ «Հայր, ոպորմէ մեզի ու համայն աշխարհին»։
Տասնմէկերորդ կայան Յիսուս կ՛աղաղակէ. «Աստուած իմ Աստուած իմ ինչու թողուցիր զիս»։ «Մենք ալ կեանքի փոթորիկներու պահուն աղաղակենք ու հայցենք Աստուծոյ միջամտութիւնը» կը յորդորէ Սրբազան Պապը
Տասներկուերորդ կայանին մէջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ այն աւազակը, որ Քրիստոսին կ՛ապաւինի որ Անոր կը խոստանայ արքայութիւնը, խաչը վերածելով սիրոյ խճանկար մը, ու խաւարը փոխակերպելով լոյսի, բաժանումը հաղորդութեան, ցաւը` պարի եւ նոյնիսկ գերեզմանը` յոյսի։ «Յիսուս ինծի յիշեցուր որ աղօթքս կարող է աշխարհը փոխել»։
Տասներեքերորդ կայանի տեսարանը մեզի ցոյց կու տայ Աստուածամայրը, որ իր բազուկներուն մէջ կ՛ընկալէ իր որդոյն դիակը։ Այնտեղ եւս Մարիամը կրկնեց իր այոն, զօրեղ հաւատքով Ան կը հաւատայ որ սիրով յատկանշուած ցաւը փրկութեան պտուղներ կու տայ։ «Ողորմութեան մայր, մենք կ՛ապրինք անգութ ժամանակներու մէջ և կարիքը ունինք կարեկցանքի, դուն, քնքուշ և ուժեղ, օծէ մեզ հեզութեամբ, լուծէ սրտի դիմադրութիւնը և հոգի հանգոյցները»:
Տասնչորրորդ կայանը՝ Յիսուս գերեզման կը դրուի։ Յովսէփ Արիմաթեցին Յիսուսին կը նուիրէ գերեզման մը։ Բայց այդ գերեզմանը, որ նոր էր, պիտի դառնայ կեանքի աղբիւր։ Բայց ես ինչ կը նուիրեմ Յիսուսին։ Իսկապէս Զատիկ է եթէ ես ալ բան մը նուիրեմ Անոր որ ինծի համար իր կեանքը պարգեւեց, որովհետեւ տալով է որ կը ստանանք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ