Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխարհի ճգնաժամերը դիմակայելու համար պէտք է «Ես» էն անցնինք դէպի «մենք»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 19 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի ուսուցիչներն ու աշակերտները ու անոնց ուղղած խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց, «այս հարուստ գաղափարներով, նախաձեռնութիւններով եւ վերապատրաստման դասընթացքներով եւ միջոցառումներով ճանապարհորդութեան համար, որուն նպատակն է զարգացնել աշխարհի նոր տեսլականը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «այսօր քան երբեք կարիքը կայ ապրելու պատասխանատուութեամբ ընդլայնելով հորիզոնները, նայելով առաջ, սերմանելով օրը օրին այն խաղաղութեան սերմերը, որոնք վաղը կը կարողանան բողբոջիլ եւ պտուղ տալ»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով յառաջիկայ սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած «Ապագային գագաթնաժողով»ի մասին հաստատեց, թէ անիկայ կարեւոր միջոցառումն է ու պահանջը ունի աշակերտներուն ներդման, որպէսզի այդ գագաթնաժողովը չմնայ թուղթին վրայ այլ դառնայ շօշափելի ու իրականացուի փոփոխութիւններու ուղիներով եւ գործողութիւններու միջոցաւ։
«Այս համաշխարհային գագաթնաժողովի գումարումը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր բոլորին մարտահրաւէրն է աւելի լաւ ապագայ կառուցելը ու առաջին հերթին միասնաբար։» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ ուր բոլորս փոխկապակցուած ենք, կարելի չէ գործել որպէս միայնակ անհատներ, որոնք միայն հոգ կը տանի իրենց սեփական այգիին, փոխարէնը պէտք է ցանց կատարել եւ աշխատիլ ու կապակցութեան մէջ մտնել ու ներդաշնակութեան մէջ ապրիլ։ Ասիկա կը նշանակէ «Ես»էն «մենք»ի անցնիլ. Ոչ թէ «ես կ՝աշխատիմ իմ բարիքիս համար» այլ «մենք կ՝աշխատինք ընդհանուր բարօրութեան համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ ժամանակակից մարտահրաւէրները, յատուկէն վտանգները, որ մութ ամպերու պէս կը հաւաքուին մեր գլխուն վրայ, անոնք դարձած են աշխարհային ու կը վերաբերի բոլորիս եւ հարցականի տակ կը դնէ ողջ մարդկութեան համայնքը ու պահանջը ունի հաւաքական երազանքի քաջութեան ու ստեղծագործութեան, որ կը ոգեշնչէ մշտական յանձնառութիւնը, միասին դիմակայելու համար մեր երկրագունդէն անցնող շրջակայ միջավայրի, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերը»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց աշակերտներու միջոցառումին երկու բառերու վրայ՝ խաղաղութիւն եւ հոգատարութիւնը ըսելով որ, «Ասոնք իրարու կապուած երկու իրականութիւններ են եւ խաղաղութիւնը իրականութեան մէջ զէնքի լռութիւն եւ պատերազմի բացակայութիւն չէ, դա բարեգործութեան, վստահութեան եւ սիրոյ մթնոլորտ է, որ կը հասուննայ ընկերութեան մը մէջ՝ հիմնուած խնամքի յարաբերութիւններու վրայ, ուր անհատականութիւնը, ցրուածութիւնը եւ անտարբերութիւնը տեղի կու տան՝ ուրիշներուն ուշադրութիւնը դարձնելու, անոնց հիմնական կարիքները ունկնդրելու, անոնց վէրքերը դարմանելու, անոր կարեկցութեան եւ ամոքումի միջոց ըլլալու ունակութեան։Սա է այն հոգատարութիւնը, զոր Յիսուս տածած է մարդկութեան, մասնաւորապէս, դիւրաբեկներուն հանդէն, որոնց մասին Աւետարանը մեզի կը խօսի։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, որ փոխադարձ հոգատարութենէն կը ծնի ներառական ընկերութիւն մը հիմնուած խաղաղութեան եւ երկխօսութեան վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց քաջալերելով աշակերտները, պատերազմով յատկանշուած ժամանակաշրջանին մէջ դառնալու խաղաղութեան արուեստագէտներ, ընկերութեան մը մէջ որ տակաւին գերի է թափօն մշակոյթի, դառնալու ներառման հերոսներ, համաշխարհային ճգնաժամերով յատկանշուած աշխարհի մէջ, ինչպէս նաեւ դառնալու ապագայի կառուցողները, որպէսզի մեր ընդհանուր տունը դառնայ եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան վայր։
Պատգամը աւարտելէ ետք Սրբազան Հայրը օրհնեց ներկաները, մաղթելով անոնց բարի դպրոց ինչպէս նաեւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ