Իւրաքանչիւր քահանայ կոչուած է ըլլալու Յիսուսի «իսկական սրբապատկերը»․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 4 Ապրիլ 2024ին Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Լատին Ամերիկայի «Փիօ», Պրազիլիոյ «Փիօ» և Մեքսիքայի Քահանայապետական վարժարաններուն հասարակութիւններու անդամները։
Անոնց փոխանցած իր գրաւոր պատգամին մէջ, Պապը ներկայացուց իր մտորումները քահանաներու կեանքի առանցքը հանդիսացող նիւթին շուրջ, որ է Սէրը․ «Աստուած մեզ կոչած է իր զաւակները ըլլալու եւ մեզի կը վստահի առանձնայատուկ առաջադրանք՝ մենք մեզ նուիրել ուրիշներուն»։ Այս է ըստ Նորին Սրբութեան քահանաներուն Սիրոյ նպատակը, որ զանոնք աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ։
«Իւրաքանչիւր այր մարդ, կին, երեխայ, իմ աչքիս առջեւ կը յայտնուի, որպէս այդ խորհրդական մարմնի մաս մը, որուն գլուխը Քրիստոսն է»՝ կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ կը հաստատէ, որ քահանաները կոչուած են ըլլալու Յիսուսի «իսկական սրբապատկերը» եւ պէտք է իրենք զիրենք «Վերոնիքա» դարձնեն եւ սրբեն իւրաքանչիւր դէմքի արցունքները, քահանայական հանդերձներով, եւ այդ պէտք է ընել առաջին հերթին՝ աղօթքով՝ «Տէ՛ր, ան զոր կը սիրես հիւանդ է» (հմմտ․ Յովհաննէս 11.3), երկրորդ` նուիրումով` «Կարո՞ղ էք ըմպել բաժակը, զոր ես պիտի ըմպեմ» (հմմտ․ Մատթէոս 20․22), երրորդ, հեզութեամբ՝ գիտնալով, որ ճամբորդութեան մէջ եմ, կարիք ունիմ աղօթքի, անգամ անոնցմէ աւելի շատ, որոնք կանչուած են ծառայելու, նշած է իմիջի այլոց Սրբազան Պապը։
Աւարտին Ան յորդորեց չթերագնահատել բարեխօսութեան զօրութիւնը անոնց, որոնց Աստուած կը դնէ մեր ճամբուն վրայ եւ վստահիլ Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդի բոլոր անդամներու աղօթքներուն՝ չմոռնալով աղօթել Անոր Հովիւներուն, ինչպէս նաեւ իրեն համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ