Սինոտալ ճամբան՝ «բաց եւ դիւրաբեկ ունկնդրութիւն»․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախաբանով՝ վաղը՝ 30 Ապրիլին լոյս պիտի տեսնէ «Զրոյց Սուրբ Հոգիին մէջ - Զատորոշումի արուեստը եւ սիւնհոդոսականութեան գործողութիւնը» գիրքը (Վատիկանի հրատարակչատուն - LEV)։ Հատորին հեղինակներն են Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներ Հայր Խուան Անթոնիօ Ալվէս եւ Հայր Օսքար Մարթին Լոփես։ Անոր բնագիրը՝ սպաներէն լեզուով հրապարակուած է անցեալ տարի՝ «Հոգեւոր զրոյց, զատորոշում եւ սիւնհոդոսականութիւն» (հրատարակիչ՝ Sal Terrae Publishing House, Loyola Communication Group) բնաբանով։
«Գեղեցիկ է, որ Սուրբ Հոգիին մէջ զրոյցի մասին գիրք մը ծնած է անոր հեղինակներու միջեւ հոգեւոր զրոյցէն»՝ կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը իր նախաբանին սկիզբը եւ գոհունակութիւն կը յայտնէ, որ Սուրբ Հոգիին մէջ զրոյցի մասին խօսելով՝ «որ սիւնհոդոսականութեան ուղիին որդեգրած մեթոտաբանութիւնն է», հեղինակները կանգ չեն առած մեթոտի եւ գործելակերպին վրայ, այլ՝ ընթերցողին կ’առաջարկեն բաւականաչափ պատմական յղումներ՝ ըմբռնելու համար այդ մեթոտի խորութիւնը (…)՝ զայն իսկապէս Սուրբ Հոգիին ունկնդրելու փորձառութեան փոխակերպելու նպատակով:
Անդրադառնալով գիրքին տարբեր գլուխներուն Քահանայապետը վեր կը հանէ Սուրբ Հոգիին մէջ զրոյցի տարբեր բնոյթները։
Ան նկատել կու տայ, որ Սուրբ Հոգիին մէջ զրոյցը կը խրախուսէ բոլորի մասնակցութիւնը եւ հաղորդութեան եւ միասնութեան մէջ կ’ընդունի այն մեծ բազմազանութիւնը, որ բոլորս ենք։
«Սուրբ Հոգիին մէջ զրոյցը, զատորոշումը եւ սիւնհոդոսականութիւնը կը կայանան առաջին հերթին, ունկնդրելու մէջ եւ Եկեղեցիին ձեռնարկած սինոտալ ճամբան խոր ունկնդրութեան ուղի է», կը շեշտէ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ կը շարունակէ թէ՝ հեղինակներու կողմէ առաջարկուած «բաց եւ դիւրաբեկ ունկնդրութիւնը հիմնարար ու անհրաժեշտ է», քանի` որ թոյլ կու տայ սորվիլ ուրիշներէն ու չվախենալ փոփոխութիւններ ենթադրող որոշումներէն, ինչը կը խորացնէ հաղորդութիւնն ու առաքելութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն կարեւորած է ներքին հակումներուն առնչուող գլուխը՝ նշելով, որ Սուրբ Հոգիին մէջ զրոյցը, զատորոշումը եւ սիւնհոդոսականութիւնը կարող են իրականանալ միայն այն պարագային, եթէ փորձենք՝ քակելով մեր նիւթական, գաղափարախօսական եւ զգացական կառանները, դատարկուիլ՝ Սուրբ Հոգիով լեցուելու համար, ինչը թոյլ կու տայ Անոր առաւել արդիւնաւէտօրեն առաջնորդել մեզի։
Գիրքին վերջին գլուխը, ուր իւրաքանչիւր առաջարկուող մեթոտ կը ներկայացուի, որպէս նպատակին հասնելու միջոց, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը համեմատած է Սինոդի Աշխատանքային թղթածրարին՝ Instrumentum laboris-ին հետ, որ կը դիտէ մեթոտը, որպէս տարբեր իրավիճակներուն յարմարեցնելու անհրաժեշտութիւն եւ, այդ համատեքստին մէջ, կ’ընդգծէ կրթելու անհրաժեշտութիւնը Սուրբ Հոգիին մէջ զրոյցին համար ։
«Ինծի կը թուի, որ ձեր գիրքը այդ նպատակի համար օգտակար նիւթ կը տրամադրէ» կը գրէ աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հեղինակներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ