Pope Francis meets Italian Red Cross volunteers at the Vatican

Ամէնուր ու որեւէ մէկուն համար. Իտալական Կարմիր Խաչի 160 ամեակը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին։

«երբ մարդ անհատը կ՛ընտրուի, որպէս կիզակէտ, կարելի է միասին աշխատիլ ի նպաստ հասարակաց բարիքին, շրջանցելով բաժանումները ու խորտակելով թշնամութեան պատերը, ինչպէս նաեւ յաղթահարելով իշխանութեան ու շահի տրամաբանութիւնը...»։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 6 Ապրիլին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Կարմիր Խաչի կամաւորներուն, այս բարեսիրական հաստատութեան հիմնադրութեան 160 ամեակին առիթով։

Արդարեւ Իտալական Կարմիր Խաչը ստեղծուած է 15 Յունիս 1864ին Միլանի մէջ` «պատերազմի ընթացքին վիրաւորներուն և հիւանդներուն օգնութեան իտալական ընկերակցութեան կոմիտէ» անունով, ինչպէս նշեց Սրբազան Քահանայապետը այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը, ընդգծելով, թէ «պատերազմին պատճառած տառապանքին ու աւերներուն դիմաց այդ եղաւ մարդկայնութեան ցայտում մը, որն վերածուեցաւ շօշափելի արարքներու և օգնութեան ու խնամքի գործերու՝ առանց ազգութեան, սոցիալական դասի, կրօնի կամ քաղաքական խտրականութեան»:

Շարունակ հոսող սիրոյ առուակը

«Այս սիրոյ առուակը երբեք կանգ չ՛արաւ եւ այսօր եւս երէկուայ նման ձերը կը մնայ թանկարժէք եւ արդիւնաւէտ ներկայութիւն մը, յատկապէս այն իրավիճակներուն մէջ, ուր զէնքերու շառաչիւնը կը խեղդէ ժողովուրդներուն ճիչը, անոնց խաղաղութեան ձգտումը եւ ապագային իղձը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը արտայայտելով բոլոր ներկաներուն իրենց առօրեայ յանձնառու աշխատանքին համար, որ ներշնչուած է «մարդասիրութեան, անաչառութեան, չէզոքութեան, անկախութեան, կամաւորութեան, միասնութեան և տիեզերական սկզբունքներուն, եւ է նաեւ տեսանելի նշան մը` այն իրականութեան թէ, եղբայրութիւնը կարելի բան է» յարեց Ան, հաստատելով որ, «երբ մարդ անհատը կ՛ընտրուի, որպէս կիզակէտ, կարելի է միասին աշխատիլ ի նպաստ հասարակաց բարիքին, շրջանցելով բաժանումները ու խորտակելով թշնամութեան պատերը, ինչպէս նաեւ յաղթահարելով իշխանութեան ու շահի տրամաբանութիւնը...»։

Մարդ արարածի սրբութիւնը

«Հաւատացեալին համար իւրաքանչիւր անհատ սուրբ է եւ իւրաքանչիւր մարդկային արարած սիրուած է Աստուծմէ եւ իր մէջ կը կրէ անձեռնմխելի իրաւունքներ» ըսաւ հուսկ ի միջի այլոց Քահանայապետը շեշտելով աւելիով դիւրաբեկներուն պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, որոնց շարքին յատկապէս մանուկները։

«Ամէնուր ու որեւէ մէկուն համար»

Ան առ այդ քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց ծառայութիւնը մատուցել այնտեղ ուր անոր կարիքը կայ ու ակնարկեց Իտալական Կարմիր Խաչին 160 ամեակին առիթով ընտրուած կարգախօսին` «Ամէնուր ու որեւէ մէկուն համար» ու ասկէ մեկնելով մեկնաբանեց «ամենուրէք» ու «որեւէ մէկուն համար» խօսքերը հաստատելով, որ հարկաւոր է «համաշխարհայնացնել զօրակցութիւնը, գործելով ազգային ու միջազգային մակարդակի վրայ» ու շեշտելով թէ հարկաւոր են «օրէնքներ` որոնք կ՛երաշխաւորեն մարդկային հիմնական իրաւունքները ամէն վայրի մէջ, գործընթացքներ` որոնք կը խթանեն հանդիպումին մշակոյթը, ու մարդիկ` որոնք կարող են աշխարհին նայիլ աւելի ընդլայնուած հեռանկարով մը, նայելով հորիզոնին...»։

Դառնալ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան գործիք

«Իւրաքանչիւր մարդ արարած ունի իր արժանապատւութիւնը եւ պէտք է արժանանայ մեր ուշադրութեան, մեքն չենք կրնար մեր հայեացքը սեւեռել այլուր, եւ անտեսել անհատներու պայմանները...ասոր համար կը խրախուսեմ ձեզ շարունակելու ձեր աշխատանքը, մնալով կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտիկ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, ու ճառը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները Սուրբ Զատկուայ այս ժամանակաշրջանի ընթացքին, հայցելու շնորհքը` դառնալու եղբայրութեան ու խաղաղութեան գործիքներ, սիրոյ դերակատարներ ու աւելի եղբայրական ու զօրակից աշխարհի մը կառուցողները»։

Ան ապա բոլորին հաւաստիացուց իր աղօթքները անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները ու սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրեց իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2024, 10:53