Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Միջ կրօնական երխօսութեան վերատեսչութեան նախաձեռնած հանդիպումի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Միջ կրօնական երխօսութեան վերատեսչութեան նախաձեռնած հանդիպումի մասնակիցները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը նորոյթ դարձաւ. Բովանդակութիւն տանք խաղաղութեան ակնկալիքներուն»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Սուրբ Աթոռի Միջ կրօնական երկխօսութեան համար վերատեսչութեան եւ աւանդական եւ համաշխարհային կրօններուն առաջնորդներուն համագումարին միջեւ կայացած առաջին զրոյցի մասնակիցները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 4 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի Միջ կրօնական երկխօսութեան համար վերատեսչութեան եւ աւան[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]դական եւ համաշխարհային կրօններու առաջնորդներուն համագումարին միջեւ կայացած առաջին զրոյցի մասնակիցները։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց, թէ 2022 թուականին առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Ասթանա ու մասնակցեցաւ աւանդական եւ համաշխարհային կրօններու առաջնորդներուն 7րդ համագումարին։ «համագումարը եզակի եւ լաւ փորձարկուած հարթակ մըն է, ոչ միայն կրօններու պատասխանատուներու միջեւ այլեւ քաղաքական, մշակութային, հաղորդակցութեան միջոցներուն աշխարհին հետ»5 ըսաւ Ան։ Սրբազան Հայրը ապա շեշտը դնելով որ անհրաժեշտ է աջակցիլ կրօններու, ցեղային եւ մշակութային խումբերու միջեւ ներդաշնակութիւն զարգացնելու գործին խօսքը կեդրոնացուց Ղազախստանը բնորոշող երեք երեւոյթներու վրայ. Յարգանք բազմազանութեան նկատմամբ, նուիրուածութիւն ընդհանուր տան եւ խաղաղութեան խթանում։

Յարգանք բազմազանութեան նկատմամբ

«Բազմազանութեան նկատմամբ յարգանքը ժողովրդավարութեան կարեւոր տարր է, որ պէտք է մշտապէս խթանուի, ապա պետութեան «աշխարհիկ» ըլլալու փաստը մեծապէս կը նպաստէ ներդաշնակութեան ստեղծման», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «առողջ աշխարհիկութիւնը չխառներ կրօնքն ու քաղաքականութիւնը, այլ զանոնք կ՝առանձնացնէ երկուքի բարօրութեան համար եւ միաժամանակ կը ճանչնայ կրօններու  էական դերը հասարակութեան մէջ, ընդհանուր բարօրութեան ծառայութեան համար։

Արարչագործութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը

«Մեր ընդհանուր տունը Աստուածային պարգեւ մըն է՝ զայն սիրելու եւ խնամելու համար։ «Արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքը փաստօրէն սիրոյ անփոխարինելի հետեւանքն է՝ Արարչին, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, որոնց հետ կը կիսենք կեանքը մոլորակին վրայ, յատկապէս գալիք սերունդներու համար, որոնց համար մենք կանչուած ենք ժառանգութիւն փոխանցելու եւ ոչ թէ վճարուող բնապահպանական պարտք»։

Խաղաղութեան խթանումը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ներկայ ժամանակին  շատեր կը խօսին պատերազմի մասին ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը դարձած է նորաձեւութիւն եւ  աշխարհի մէջ կը տարածուին ատելութեան խօսքեր եւ մարդիկ կը մահանան հակամարտութիւններուն դաժանութեան մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ այսօր անհրաժեշտ է խօսիլ խաղաղութեան մասին, երազել խաղաղութիւնը եւ ամէն ջանք թափել զայն իրականացնելու համար բոլորին հետ երկխօսութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւն մաղթեց, որ համագումարի մասնակիցները անցնեն եղբայրական օրեր՝ բեղմնաւորուած բարեկամութեամբ եւ լաւ ծրագիրներով ու բեղուն կերպով կիսեն իրենց աշխատանքի արդիւնքները։ Ան պատգամը աւարտեց հայցելով բոլորին վրայ Ամենակալին օրհնութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2024, 10:23