2024.04.11 Partecipanti alla Plenaria della Pontificia Accademia delle Scienze Sociali

Իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի արժանապատիւ կեանքի ու համապարփակ զարգացումի. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ընդունեց «Հաշմանդամութիւնը և մարդու վիճակը. Հաշմանդամութեան սոցիալական որոշիչ գործօններու փոփոխութիւն և ներառման նոր մշակոյթի ձևաւորում» թեմայով Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական ակադեմիայի լիագումար վեհաժողովի մասնակիցները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 11 ապրիլ 2024-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց` «Հաշմանդամութիւնը և մարդու վիճակը. Հաշմանդամութեան սոցիալական որոշիչ գործօններու փոփոխութիւն և ներառման նոր մշակոյթի ձևաւորում» թեմայով գումարուած Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական ակադեմիայի լիագումար վեհաժողովի մասնակիցներուն, հաստատութեան հիմնադրութեան երեսուն ամեակին առիթով։

Ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Պապը նախ գնահատանք արտայայտեց լիագումար նիստի նիւթին համար, նկատել տալով, որ «Ընկերային Գիտութիւններու Ակադեմիան կոչուած է դիմագրաւելու ժամանակակից հրատապ մարտահրաւէրներ», այդ մարտահրաւէրներու շարքին դասելով արհեստագիտութիւնը, արհեստական բանականութիւնը ինչպէս նաեւ տնտեսական նոր ձեւերու որոնումի անհրաժեշտութիւնը։

Հաշմանդամները` լիովին մարդկային իրաւունքներ և պարտականութիւններ կրողներ

Ակնարկելով ապա միջազգային հասարակութեան հաշմանդամ անձանց իրաւունքներուն ի նպաստ կատարած կարեւոր քայլերուն ընդգծեց այս ուղղութեամբ գործելու կարեւորութիւնը նկատել տալով, թէ այնտեղ ուր վերոնշեալ քայլերը ձեռնարկուեցան ի յայտ եկաւ աւելի արդար ու զօրակից ընկերութիւն մը։

«Ունկնդրելով հաշմանդամութիւն ունեցող մարդկանց և կանանց ձայնը՝ մենք աւելի լաւ գիտակցեցանք, որ անոնց կեանքը պայմանաւորուած է ոչ միայն գործնականութեան սահմանափակումներով, այլեւ մշակութային, իրաւական, տնտեսական և սոցիալական գործօններով, որոնք կարող են խոչընդոտել անոնց գործունակութիւնն ու հասարակական մասնակցութիւնը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դնելով մարդկային արժանապատւութեան յարգանքին վրայ ու այս առնչութեամբ յղում կատարելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան, որ կը հաստատէ` թէ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ «լիովին մարդկային ենթականեր են, իրաւունքներ և պարտականութիւններ կրողներ» (Ընկերային Վարդապետութեան ժողովածու, թիւ 148):

Արժանապատիւ կեանքի ու համապարփակ զարգացումի իրաւունք

«Իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի արժանապատիւ կեանքի ու համապարփակ զարգացումի, նոյնիսկ եթէ ան այնքան ալ արդիւնաւէտ չէ, նոյնիսկ եթէ ան ծնած կամ մեծցած է սահմանափակումներով. Արդարեւ այս մէկը չի նուազեցներ անոր անսահման արժանապատւութիւնը որպէս մարդ արարած, որ հիմնուած է ոչ թէ հանգամանքներու, այլ անոր էութեան արժէքի վրայ: Երբ այս տարրական սկզբունքը չի պահպանուիր, ապագայ չկայ ո՛չ եղբայրութեան, ո՛չ մարդկութեան գոյատևման համար» (Encyclical letter Fratelli tutti, 107)» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Խոցելիութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը կը պատկանին մարդկային վիճակին և յատուկ չեն հաշմանդամութիւն ունեցող մարդկանց»:

Հաշմանդամ անձերը բեռ մը չեն ընկերութեան համար

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մէջբերեց Աւետարանին մէջ Յիսուսին հանդիպումները դիւրաբեկ ու հաշմանդամ անձերուն հետ ու խօսեցաւ Անոր անոնց հետ ունեցած վերաբերմունքի մասին ցաւ յայտնելով ի տես աշխարհի մէջ տակաւին «կղզիացումի մէջ ապրող բազմաթիւ անկար անհատներուն ու անոնց ընտանիքներուն» ու նշելով, որ «թափօններու մշակոյթը սահման չունի»։

Նորին Սրբութիւնը  քննադատեց ապա այն տեսութիւնը` որ «հաշմանդամ անձերը բեռ կը նկատէ ընկերութեան համար» ոտնահարելով անոնց իրաւունքներն ու արժանապատւութիւնը, այս ծիրէն ներս ակնարկելով այն մտայնութեան որ որոշ մարդկային դասակարգեր` ծերունիները, հաշմանդամութեամբ անձինք «անպէտ» կը նկատէ ընկերութեան համար, ուստի կարելի է անտեսել ու զոհել։

«Մարդ անհատը այսպիսով չի նկատուիր, որպէս առաջնային արժէք, որ պէտք է յարգուի ու պաշտպանուի» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով պայքարիլ «մսխումի մշակոյթին դէմ` խթանելով ներառումի մշակոյթը» ու գործելով ի նպաստ «ընկերային արդարութեան որ վերացնէ այն պատնէշները, որոնց շատերուն համար արգելք կը հանդիսանան վայելելու իրենց հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները»։

Գործել միասնաբար ի սպաս ներառումի մշակոյթին

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հուսկ այս ուղղութեամբ գործելու միասնաբար, իրարու թիկունք կանգնելով, նաեւ կառավարութիւններու ու երկիրներու մակարդակով, ձեռք երկարելով նաեւ այն ընկերակցութիւններուն, որոնք կը գործեն այդ ասպարէզէն ներս «կառուցելու համար համապարփակ ներառումի մշակոյթ մը» որ հիմնուած պէտք է ըլլայ զօրակցութեան ու մասնակցութեան սիւներուն վրայ։

«Իւրաքանչիւր մարդ ճանչնալ, որպէս եղբայր կամ քոյր և փնտռել ընկերային բարեկամութիւնը, որ կը ներառէ բոլորը, պարզապէս ցնորք մը չէ։ Անիկա կը պահանջէ որոշում և կարողութիւն արդիւնաւէտ ուղիներ որոնելու, որոնք կ՛ ապահովեն իրական հնարաւորութիւն: Այս ուղղութեամբ ցանկացած պարտաւորութիւն կը դառնայ բարեգործութեան բարձր դրսեւորում։ Արդարեւ անհատը կարող է օգնել կարիքաւոր մարդուն, սակայն, երբ ան կը միանայ ուրիշներուն կեանքի կոչելու բոլորի համար եղբայրութեան և արդարութեան ընկերային գործընթացները կը մտնէ «ամենամեծ բարեգործութեան, քաղաքական բարեգործութեան դաշտը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց յանձնառումին ու գործունէութեան համար, յատկապէս հաշմանդամ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ անոնց ուշադրութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2024, 11:13