Ֆրանչիսկոս Պապ. դադարեցնենք պատերազմը, մանուկները պէտք ունին տուներու` ոչ թէ գերեզմաններու
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յոյսը կը ծնի միայն «եթէ գիտնանք ճանչնալ իւրաքանչիւր ժողովուրդին գոյատեւելու իրաւունքը, Պետութիւն ունենալու իրաւունքը». Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Ռամատանի աւարտին առիթով Ալ Արապիա լրատուական կայանին ուղղած իր պատգամին մէջ, կոչ ուղղելով նաեւ լռեցնելու զէնքերը։
«Ես կը ցաւիմ ի տես Պաղեստինի և Իսրայէլի հակամարտութեան. թող անմիջապէս դադրի կրակը Կազայի հատուածին մէջ, ուրտեղ ընթացքի մէջ է մարդասիրական աղէտ մը։ Թող` որ օգնութիւնները հասնին պաղեստինեան բնակչութեան, որ մեծապէս կը տառապի. ազատ արձակուին հոկտեմբերին առևանգուած պատանդները։ Ես կը մտածեմ տանջուած Սուրիային, Լիբանանին, ողջ Մերձաւոր Արևելքին. թոյլ չտանք, որ տարածուին կատաղութեան բոցերը, որոնք մղուած են սպառազինութիւններու մրցավազքի մահաբեր քամիներէն: Թոյլ չտանք, որ պատերազմը տարածուի. դադարեցնենք չարը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, հրաւէր ուղղելով նաեւ յաղթահարելու ատելութեան գիշերը ու ողջագուրելու զիրար կեանքի լոյսով։
«Աստուած խաղաղութիւն է եւ խաղաղութիւն կ՛ուզէ։ Ան որ Անոր կը հաւատայ չի կրնար եթէ ոչ մերժել պատերազմը, որ չի լուծեր այլ կ՛աճեցնէ հակամարտութիւնները։ Ես երբեք պիտի չյոգնիմ կրկնելէ. պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է. առանց նպատակի ուղեւորութիւն է. Հեռանկարներ չի բանար եւ յոյսը կը մարէ» կը նշէ միշտ Սրբազան Քահանայապետը ապա ձայն կու տայ ընտանիքներու, երիտասարդներու, աշխատաւորներու, տարեցներու ու մանուկներու խաղաղութեան իղձին, մտաբերելով անոնց արցունքները մինչ կը բաւէ կ՛ըսեն պատերազմին։
«Կը Բաւէ – կը կրկնեմ նաեւ ես – անոնց` որոնք ունին կառավարելու ծանր պատասխանատուութիւնը։ Կը բաւէ։ Կանգ առէք։ Դադարեցուցէք զէնքերու աղմուկը և մտածեցէք երեխաներուն, բոլոր երեխաներուն, որպէս ձեր երեխաները: Մենք բոլորս ապագային կը նայինք երեխաներու աչքերով։ Անոնք հարց չեն տար թէ ո՞վ է թշնամին, զոր պէտք է ոչնչացնել, այլ՝ որոնք են ընկերները որոնց հետ պէտք է խաղալ։ Անոնց տուներ, այգիներ և դպրոցներ պէտք են, ոչ թէ գերեզմաններ» կոչ կ՛ուղղէ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա հայեացքը կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, դիտել տալով, որ «ատելութեան անապատներէն կը ծաղկին յոյսին ծիլեր միայն երբ գիտնան աճիլ միասին, մէկը միւսին կողքին։ Երբ գիտնանք յարգել միւսին կրօնը։ Երբ գիտնանք ճանչնալ իւրաքանչիւր ազգի մը գոյութեան իրաւունքը, իւրաքանչիւր ժողովուրդին Պետութիւն ունենալու իրաւունքը։ Երբ գիտնանք ապրիլ խաղաղութեամբ առանց ոչ մէկը սատանայացնելու» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ պատգամը կ՛աւարտէ ողջագուրելով այն քրիստոնեաները որոնք կ՛ապրին Միջին Արեւելքի մէջ անոնց համար պահանջելով իրաւունք եւ կարելիութիւն որ «ազատութեամբ դաւանին իրենց հաւատքը, որ կը խօսի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մասին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ