Մենք սիրուած ենք Աստուծմէ քնքշութեամբ եւ ողորմութեամբ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 5 ապրիլ 2024նին, Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետական ընկերային «ԻՔՍ» ցանցին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Աւետարանի ուրախութիւնը այս է. Մենք սիրուած ենք Աստուծմէ քնքշութեամբ եւ ողորմութեամբ։ Եւ մենք կոչուած ենք այս ուրախալի պատգամը արձագանգելու աշխարհին մէջ, զայն վկայելով կեանքով, որպէսզի բոլորն ալ կարողանան յայտնաբերել Յիսուսին մէջ յայտնուած Աստուծոյ սիրոյ գեղեցկութիւնը»։
Նորին Սրբութեան այս խօսքերը քաղուած են անոր անցեալ 8 Փետրուարին արտասանած ճառէ մը, զոր ուղղած էր Քահանաներու շարունակական կազմաւորման միջազգային գիտաժողովի մասնակցողներուն, որուն ընթացքին հաստատած էր նաեւ, թէ «Միայն ընդունելով եւ պահպանելով Աւետարանի ուրախութիւնը, մենք կը կարողանանք այս ուրախութիւնը փոխանցել ուրիշին»։
Սրբազան Քահանայապետը այդ առթիւ Քահանաներուն առաջարկած էր երեք ուղիներ, վերակենդանացնելու համար ընդունուած պարգեւը, զոր կը կրեն իրենց մէջ եւ վերարծարծելու հուրը, այնպէս ընելով, որ առաքելական ծառայութեան եռանդը չմարի։ Այդ ուղիներն էին. Աւետարանի ուրախութիւնը, Աստուծոյ ժողովուրդին պատկանելիութիւնը եւ ծառայութեան ծննդականութիւնը։
Ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած է նայելու Խաչին` «որտեղէն, ըսած էր Ան, Տէրը մեզ սիրելով մինչեւ վերջ, ծնաւ նոր ժողովուրդ մը» ու ասկէ մեկնելով հրաւիրած էր քահանաներն ու մայրապետները իրենք զիրենք դնելու միւսներու ծառայութեան տակ ու յորդորած էր երբեք չի յոգնիլ ողորութիւն ցուցաբերելէ. «Ներեցէք միշտ...եղէք ողորմած...ներումը շոյանքին շնորհքն է։ Ներումը միշտ ալ ծննդական է» ըսաւծ էր Ֆրանչիսկոս Պապը, թելադրելով նաեւ Տիմարմօրմէն հայցելու քնքշութեան շնորհքը, որովհետեւ «քնքշութիւնը զօրութիւն է» ըսած էր Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ