Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Խթանել ներառականութիւնը մահուան մշակոյթը յաղթահարելու համար

Ֆրանչիսկոս Պապ . Յիսուս Խաչին վրայ իրը դարձուց մեր «ինչուները» Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը քահանայապետական Աստուածաշնչային յանձնաժողովի անդամներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 11 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց աստուածաշնչային յանձնաժողովի անդամները՝ տարեկան ընդհանուր նիստի առիթով, որուն ընդհանուր նիւթը եղաւ «Սուրբ Գիրքին մէջ հիւանդութիւնն ու տառապանքը»։

«Մենք գիտենք նաեւ, որ շատ մը եղբայրներու եւ քոյրերուն համար, ցաւն ու հիւանդութիւնը՝ հաւատքի լոյսի ներքոյ կարող են որոշիչ գործօններ դառնալ հասունացման ճանապարհի մէջ. «տառապանքի մաղը» փաստօրէն թոյլ կու տայ զատորոշելու էականը ոչինչէն։ Բայց ամէնէն առաջ Յիսուսի օրինակն է, որ ցոյց կու տայ ճանապարհը։ Ան մեզ կը յորդորէ հոգ տանելու անոնց որոնք կ՝ապրին հիւանդութեան իրավիճակին մէջ հիւանդութիւնը յաղթելու վճռականութեամբ, միեւնոյն ժամանակ մեզ կը հրաւիրէ նրբանկատութեամբ միացնելու մեր տառապանքները իր փրկարար պարգեւին, որպէս սերմ, որ պտուղ կու տայ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց մտածել երկու կարեւոր բառերու շուրջ, կարեկցութիւն եւ ներառականութիւն

Կարեկցութիւն

«Տեսնելով այդնքան շատ մարդոց դէմքերը, ոչխարները առանց հովիւներու, որոնք կը պայքարին կեանքի մէջ կողմնորոշուելու համար, Յիսուս չյուզուեցաւ։ ( Մատթ 6,34)։ Ան կը կարեկցի քաղցած եւ ուժասպառ ամբոխին համար (Մատթ 8,2) եւ անխոնջ օրէն կ՝ընդունի հիւանդները, որոնց խնդրանքները կը լսէ… Անոր այս կարեկցութիւնը կը դրսեւորուի որպէս մօտիկութիւն որ Յիսուսը կը տանի նոյնանալու անոնց հետ որոնք կը տառապին։ Այս ամէնը կը բացայայտէ մէկ բան, Յիսուս չբացատրեր տառապանքը, այլ կը ծրի դէպի տառապողները։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ «Քրիստոս կերպարանափոխեց մեր ցաւը՝ զայն ամբողջութեամբ դարձնելով իրենը, ապրելով անոր մէջ, տառապելով եւ զայն նուիրելով որպէս սիրոյ պարգեւ։ Յիսուս դիւրին պատասխաններ չտուաւ մեր «ինչուներուն» այլ Խաչին վրայ իրը դարձուց մեր «ինչուները» (Մարկ 15,34). Այսպէսով այն, որ կիւրացնէ Սուրբ Գիրքը կը բիւրեղացնէ կրօնական երեւակայութիւնը սխալ կեցուածքներէն, սորվելով հետեւիլ Յիսուսի ցոյց տուած ճանապարհին.  ձեռքով դպչիլ մարդկային տառապանքին՝ հեզութեամբ, խոնարհութեամբ, փոխանցելու համար Մարմնացած Աստուծոյ անունով, փրկարար եւ շօշափելի մերձեցումը եւ այս մեզ կը տանի երկրորդ բառին՝ ներառականութեան։

ներառականութիւն

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ ներառականութիւնը աստուածաշնչական բառ չէ, այս բառը լաւ կ՝արտայայտէ Յիսուսի ոճի մէկ ակնառու յատկանիշը, անոր՝ մեղաւորը, մոլորուածը, մեկուսացուածը, խառանուածը փնտռելը, որպէսզի անոնք ընդունուին Հօր Տան մէջ։ Սակայն ընդգրկումը կը ներառէ մէկ այլ երեւոյթ. Տէրը կը փափաքի, որ ամբողջ մարդը բժշկուի, հոգին, ոգին եւ մարմինը։ (Թես 5,23)։ Այս ընդգրկումի հեռանկարը մեզի կը տանի բաժնեկցութեան կեցուածքներուն. Յիսուս անցաւ ժողովուրդին ընդմէջէն բարիք կատարելով եւ հիւանդները բժշկելով, իր առաքեալներուն պատուիրեց, որ խնամեն հիւանդները եւ զանոնք օրհնեն իր անունով, բաժնեկցելով անոնց հետ մխիթարութեան առաքելութիւնը։ (Ղուկ 4,18-19)»։ «Տառապանքի եւ հիւանդութեան փորձառութեան միջոցաւ, մենք որպէս եկեղեցի կանչուած ենք քալելու բոլորին հետ, քրիստոնէական եւ մարդկային զօրակցութեան մէջ, բանալով յանուն ընդհանուր փխրունութեան, երկխօսութեան եւ յոյսի հնարաւորութիւնը»ըսաւ Ան

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց տածած աշխատանքներուն համար, քաջալերելով խորացնելու իրենց ուսումնասիրած նիւթերը, Սուրբ Գիրքի լոյս սփռելու համար նուրբ երեւոյթներուն վրայ, որոնք կը վերաբերին բոլորին։

Նորին Սրբութիւնը առաքելական օրհնութիւնը տալէ ետք խնդրեց ներկաներէն որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2024, 10:31