Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաղաղութիւնը կը սկսի ամէն օր դրան շեմին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 25 ապրիլին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ընդունեց Հռոմ ուխտագնացութեամբ ժամանած աւելի քան 1200 Հունգարացի ուխտաւորները։
«Ձեր ուխտագնացութիւնը տեղի կ՝ունենայ Հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութենէս մէկ տարի ետք... Պուտաբեշդը կամուրջներու եւ սուրբերու գեղեցիկ քաղաք է, հոն որպէս ուխտաւոր գացի՝ ձեր հետ միասին աղօթելու համար։ Աղօթեցի ձեր սիրելի ազգին համար, որ հազար տարիներէ ի վեր կը բնակի այդ երկրին մէջ եւ զայն կը սնուցանէ Քրիստոսին աւետարանով» ըսաւ Ան։
Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց Հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ նշելով, որ ինք այդ ճամբորդութիւնը կատարած էր, ոչ միայն որպէս ուխտաւոր, այլ որպէս եղբայր՝ հանդիպելու համար թեմի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն հետ։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ քաջալերեց որդեգրելու որպէս կեանքի ոճ Աստուծոյ քնքշութեան, մօտիկութեան եւ գթութեան ոճը, օրինակ քաղելով Երանելի Վիլմոս Ափորէն, որ իր կեանքը տուաւ գաղթական կանանց պաշտպանութեան եւ մտերմութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց Հունգարիոյ մէջ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումը վերանորոգելով իր քաջալերանքը, երկխօսութեան մէջ քալելու երիտասարդներուն նախորդած սերունդներուն հետ, խօսելու տարեցներու, մեծ հայրիկներուն եւ մայրիկներուն հետ, փնտռելով անոնց արմատները, ապագային համար կայուն հիմքեր հաստատելու համար։։
Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Հունգարիոյ մէջ որպէս բարեկամ հանդիպեցաւ տառապանքի մէջ գտնուող անձերուն, գաղթականներուն, աղքատներուն եւ մեկուսացուածներու հետ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց, գաղթականներուն, Ուքրանացին փախստականներուն, պատերազմի հետեւանքով իրենց երկրին մէջ հիւրասիրելնուն համար։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Հունգարացիներուն Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան համար՝ հաւատքի վկայութեան, հարեւաններու հետ ապրուած համամիութենական յարաբերութիւններուն, ուրիշը սիրով հիւրասիրելու, իւրաքանչիւր մարդկային կեանք յարգելու ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրին պատասխանատուութեամբ հոգ տանելու մէջ։
Պատգամին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տալով խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ