Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հունգարիոյ նախագահը Թամաս Սուլյոք
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 25 ապրիլին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահ, տիար Թամաս Սուլյոք։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած է երկու կողմերու միջեւ բարի յարաբերութիւնները, գնահատուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառումը՝ Հունգարիոյ ընկերութեան զարգացման ի նպաստ։
Հանդիպումի ընթաքին քննարկուած են երկու կողմերը հետաքրքրող թեմաներ, յատուկէն անդրադառնալով ընտանիքին եւ երիտասարդներուն եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով աշխարհի մէջ ամենէն շատ խոցուած Քրիստոնեայ համայնքներուն։ Կեդրոնացումի նիւթ եղած է նաեւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, յատուկէն անդրադառնալով մարդասիրական հետեւանքներուն եւ բոլոր ջանքերուն, խաղաղութեան ի նպաստ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ