Ֆրանչիսկոս Պապ. Աղօթենք քահանաներու, կրօնաւորուհիներու, նորընծաներուն կազմաւորման համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը նուիրուած քահանաներու, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու, նորընծաներու կազմաւորման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աղօթքի համաշխարհային ցանց քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին, մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան վերաբերեալ տեսերիզը՝ նուիրուած կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու, նորընծաներուն կազմաւորման։ Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանցի կողմէ տարածուած եւ Լոս Անճելըսի թեմի համագործակցութեամբ, մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի կը պնդէ, այն իրողութիւնը որ «Ամէն մէկ կոչում, «չզտուած ադամանդ» է, որ պէտք է փայլեցնել, մշակել, ձեւաւորել բոլոր կողմերը»։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ ,որ կազմաւորումը չ՝աւարտիր շօշափելի պահում այլ կը շարունակուի բոլոր կեանքի ընթացքին եւ կ՝անցնի մի քանի երեւոյթներէ. անձնական սահմաններու գիտակցութիւն, աղօթք, Աւետարանի վկայութեան նուիրում, հասարակական կեանքի նախապատրաստութիւն եւ մօտիկութիւն ժողովուրդին հետ։

Տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.

“[«Ամէն կոչում «չզտուած ադամանդ է» որ պէտք է փայլեցնել, մշակել, ձեւաւորել իր բոլոր երեսները։ Բարի քահանայ մը, կրօնաւորուհի մը նախ եւ առաջ պէտք են ըլլան մարդ մը, կին մը կազմաւորուած, ձեւաւորուած Տիրոջ շնորհքով։ Անձեր, որ գիտակից են իրենց սահմաններուն եւ պատրաստ են ապրելու աղօթքի, աւետարանի վկայութեան նուիրուած կեանք։ Անոնց պատրաստութիւնը պէտք է ըլլայ համապարփակ, պէտք է զարգանայ՝ դպրեվանքէն, նորընծայութենէն սկսեալ, անմիջականօրէն շփուելու այլ անձերու կեանքի հետ։ Դա հիմնական է։ Կազմաւորումը չ՝աւարտիր, որոշ շօշափելի պահուն, այլ կը շարունակուի բոլոր կեանքի ընթացքին, տարիներու հոլովոյթին, հարստացնելով անձը՝ մարդկային, հոգեկան, մտաւոր, զգացական գետնի վրայ։ Եւ այսպէս, նաեւ համայնքային կեանքի մէջ նախապատրաստութիւնը. Կը հարստանայ Հասարակաց կեանքը, նոյնիսկ եթէ երբեմն դժուար կը թուի։ Որովհետեւ միասին ապրիլը եւ հասարակութեան մէջ ապրիլը միեւնոյն բանը չէ։  Աղօթենք, որպէսզի կրօնաւորները, կրօնաւորուհիները աճին իրենց կոչումի ուղեւորութեան մէջ ՝մարդկային, հովուական ծառայութեան, հոգեւոր, համայնքային կազմաւորման միջոցաւ, ինչ որ զիրենք կ՝առաջնորդեն դառնալու Աւետարանի վստահելի վկաները։ ]”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2024, 16:00