Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Պապական հիմնադրամի անդամները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 12 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Պապական հիմնադրամի անդամները ու անոնց փոխանցած պատգամին սկիզբը անդրադարձաւ Յիսուսի յարութեան՝ զատկուայ տօնին ըսելով որ «Գերեզմանի դիմաց դրուած քարը գլորուած է եւ մենք հրաւիրուած ենք բարձրացնելու մեր հայեացքը Յիսուսին, զինք ընդունելու համար մեր կեանքին մէջ ու Անոր «այո» ըսելու ։
Նորին Սրբութիւն ապա ակնարկեց Papal Foundationի պատմութեան, նշելով որ Պապական հիմնադրամը իր ծնունդէն ի վեր եղած է Զատկուայ ուրախութեան ուղին, բերելով Յիսուսի սիրոյ մօտիկութիւնը, կարեկցանքն ու քնքշութիւնը աշխարհի մէջ տարածուած բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ու հիմնարկը իր բարեսիրական, կրթական, առաքելական «գովելի նախաձեռնութիւններու միջոցաւ կը շարունակէ օգնել Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, աճեցնելով տեղական եկեղեցիներուն թիւերը ու օգնելով դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն, ի պատասխան Տիրոջ կողմէ առաքեալին վստահած ցուցմունքներուն։(Ղուկ 22,32; Յովհ 21,17), «Ձեր ողջ առատաձեռնութեան համար կը յայտնեմ իմ սրտանց երախտագիտութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայր։
Ան ապա, դիտել տալով, որ Պապական հիմնարկի այցելութիւնը տեղի կ՝ունենայ 2025 թուականին յոբելինական տարուան նախապատրաստութեան համար,ընթացիկ աղօթքի տարուան ընթացքին խօսքը կեդրոնացուց աղօթքի կարեւորութեան վրայ ըսելով որ «Աղօթքի համառութեամբ մենք աստիճանաբար կը դառնանք «մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, ըլլայ Յիսուսի ըլլայ ուրիշներուն հետ, որ կը թարգմանուի, զօրակցութեամբ եւ առօրեայ հացի բաժնեկցութեամբ ու այդ հոգեւորական կեանքի պտուղը կարեւոր է, «ձեր ազնիւ յանձնառութեան համար, որովհետեւ թէեւ դուք երբեք չէք կրնար հանդիպիլ անոնց, Պապական հիմնադրամի ծրագիրները կը նպաստեն հոգեւոր եւ եղբայրական կապին, տարբեր մշակոյթներու, լեզուներու եւ տարածաշրջաններու մարդոց հետ, որոնք օգնութիւն կը ստանան։ «Ձեր ծառայութիւնը առաւել անհրաժեշտ է մեր ժամանակներուն, որ նշուած է անհատապաշտութեամբ եւ անտարբերութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայր։
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր պատգամը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց հիմնադրամի աշխատանքներուն ու Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան համար, յանձնելով ապա հիմնարկի անդամները ու անոնց ընտանիքները Աստուածամօր բարեխօսութեան եւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը՝ որպէս Յարուցեալ Տիրոջ մէջ ուրախութեան եւ ուժի նշան, ներկաներէն խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ