Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Տաճիկստանի հանրապետութեան նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 26 ապրիլին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Տաճիկստանի հանրապետութեան նախագահ տիար Էմոմալի Ռահմոնը։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինիին, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած են Սուրբ Աթոռի եւ Տաճիկստանի միջեւ երկու կողմերու բարի յարաբերութիւնները, կեդրոնացած են երկրին քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակի որոշ երեւոյթներուն վրայ։ Յատուկէն ուշադրութիւն ցուցաբերած են ժողովուրդներու եւ մշակոյթներուն միջեւ երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման կարեւորութեան, աշխարհի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ