Ոչ եւս է Կարդինալ Սայէնզ, Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ոչ եւս է 92 ամեայ Պոկոթայի թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Փետրօ Ռուպիանօ Սայէնզը։
Ծիրանաւորը ծնած էր Քոլոմպիայի Քարթակօ քաղաք՝ 13 սեպտեմբեր, 1932ին։ Ան քահանայ դառնալու համար ուսանած է աստուածաբանութիւն ու մասնագիտացած է ընկերային վարդապետութեան եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ուսմունքներուն մէջ ապա քահանայ ձեռնադրուած է 1956ին։
Որպէս քահանայ 15 տարի ծառայած է Քալիի արքեպիսկոպոսրանէն ներս, ապա 1971ին, Պօղոս Զ Պապին օրով ընտրուած է եպիսկոպոս։ 26 մարտ 1983ին, գերապայծառ Սայէնզ անուանուած է Քալիի թեմի օգնական արքեպիսկոպոս, ապա 1985ին, միեւնոյն թեմին արքեպիսկոպոս։ 1990էն մինչեւ 1985 եղած է Փոփայա թեմին առաքելական կառավարիչ։
1994ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, գերապայծառ Սաէնզը նշանակեց Պօղոթային արքեպիսկոպոս։ Ապա 2001ին, կարդինալական ժողովին ընթացքին ընտրուած է կարդինալ։ Որպէս ծիրանաւոր 2005ին, մասնակցած քահանայապետ ընտրելու կարդինալներու ժողովին, որուն ընթացքին քահանա ընտրուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը։ 2010ին, յուլիս 8ին, տարիքի բերումով, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունած է Պողոթային թեմի արքեպիսկոպոսի հրաժարականը։
Կարդինալ Սաէնզի մահուան կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Քոլոմպիայի մայրաքաղաքի թեմի արք, գերապայծառ Լուիս Խօսէ Ռուէտա Ափարիսիոյի, որուն մէջ յիշեց Հանգուցեալ ծիրանաւորը նշելով որ ան նուիրուածութեամբ եւ աշխատանքով իր կեանքը նուիրած է եկեղեցւոյ բարօրութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրը աւարտած է յանձնելով գերապայծառ Սայէնզի հոգին Քինքուիրայի Տիրամօր բարեխօսութեան ու փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը տեղական եկեղեցւոյ, որպէս Յարուցեալ Քրիստոսին յոյսի եւ հաւատքի նշան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ