Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Հայիթի ժողովուրդին եւ աշխարհի խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վենետիկի առաքելական հովուական այցելութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը կիրակնօրեայ «Ողջ լեր Թագուհի« Մարեմեան աղօթքը նուիրեց, աշխարհի մէջ պատերազմի, բռնութեան պատճառով տառապող ժողովուրդներուն։
Խաղութիւնը եւ կայունութիւնը Հայիթի մէջ
Կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ եւ առաջ յիշեց Հայիթին, ուր յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն ու ժողովուրդը յուսալքուած վիճակի մէջ է առողջապահական համակարգի փլուզման, սնունդի պակասի եւ բռնութեան պատճառով, որոնց հետեւանքով, ժողովուրդը կը ստիպուի փախուստ տալու։ Նորին Սրբութիւնը խնդրեց , «Տիրոջ վստահելու անցումային նախագահական նոր խորհուրդի որոշումներն ու աշխատանքը, որ պաշտօնավարեց անցեալ հինգշաբթի օր »Փորթ Փրէնս»ի մէջ, որպէսզի միջազգային ընտանիքին նոր աջակցութեամբ կարենայ երկիրը առաջնորդել, դէպի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն որուն շատ կարիքը ունին»։
Խաղաղութիւն, երկխօսութիւն, եւ հաշտութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց պատերազմի պատճառով տառապող Ուքրանիոյ, Պաղեստինի Իսրայէլի, Ռոհինկայ ժողովուրդները, խնդրելով աղօթել, որպէսզի Խաղաղութեան Աստուածը լուսաւորէ բոլորին սիրտերը ու բոլորին մէջ աճի հաշտութեան, երկխօսութեան կամքը։
Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկին։
Քահանայապետը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վենետիկի պատրիարք, Ֆրանչեսքօ Մորալիային, քաղաքացիական իշխանութիւններուն, համագործակիցներուն, կամաւորներուն ու բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին Հովուական այցելութեան իրականացման։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կրկին շնորհակալ եմ ձեր հիւրընկալութեան համար։ Շնորհակալ եմ պատրիարքին։ Աղօթքով ձեզ իմ հետս կը տանիմ, հաճեցէք դուք ալ չմոռնաք աղօթելու ինծի համար, որովհետեւ դիւրին չէ այս աշխատանքը», ըսաւ Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ