Գերապայծառ Լուչիօ Պոնորա իր Պիսո Ժ Պապին նուիրած գիրքով Գերապայծառ Լուչիօ Պոնորա իր Պիսո Ժ Պապին նուիրած գիրքով  

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով Պիոս Ժ քահանայապետին նուիրուած նոր գիրք մը

«Կեցցէ Սուրբ Պիոս Ժ Քահանայապետը թող Ան խորապէս ապրի այսօրուայ եկեղեցւոյ սիրտին մէջ» գրած է Սրբազան Հայրը նախաբանին մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան պաշտօնեայ, գերապայծառ Լուչիօ Պոնորայի «Մեծարանք Պիոս Ժ-ին, ժամանակակից դիմանկարներ» վերտառութեամբ գիրքը։

Սրբազան Հայրը նախաբանին սկիզբը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ գիրքին հեղինակին Պիոս Ժ Պապին մասին կատարած ուսումնասիրութեան համար նշելով, որ ինք շատ սիրած է Պիոս Ժ Պապը ու երբ Պույէնոս Այրէս կը գտնուէր, Պիոս Ժ պապին տօնին օրը՝ 21 օգոստոսին, կը հաւաքէր թեմի բոլոր քրիստոնէականի ուսուցիչները, քանի Պիոս Ժ Պապը ճանչցուած է, որպէս քրիստոնէականի ուսուցիչներուն Պապը ու Ինք որպէս Յիսուսեան միաբանութեան անդամ կը պարտի Պիոս Ժ Պապին ՝Հռոմի մէջ աստուածաշունչի համասարանին նպաստելուն համար։

Նորին Սրբութիւնը նախաբանին մէկը գրեց, թէ Պիոս Ժ եղած է Պապ մը, որ լացած է համաշխարհային պատերազմի դիմաց ու դարձած է անոր առաջին զոհը՝ աշխարհի հզօրներուն իրենց զէնքերը վար դնելու յորդորելուն համար։

«Որքան մտերիմ կը զգամ Անոր հետ այսօրուայ աշխարհի ողբերգական պահուն» գրած է Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Պիոս Ժ Պապը շատ կը փափաքէր գտնուիլ փոքրիկներուն, աղքատներուն, կարիքաւորներուն ու բոլոր անոնց հետ որոնք կը տառապէին բնական աղէտներու հետեւանքով կամ ալ կեանքին դժուարութիւններուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ նշեց, որ ինք կը սիրտէ, Պիոս Ժ-ի մասին կատարուած նոր ուսումնասիրութիւնը ու անոր մէջ կը տեսնէ եզակի եւ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը, քանի անիկա մտադիր է 80 մետալներով յայտնի դարձնել Պիոս Ժի անձին ժամանակակից պատկերազարդ եւ կամ քանդակային դիմանկարները։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց նաեւ, որ ինք մեծ ուրախութեամբ շնորհեց Թրեւիզոյի, Փատովայի եւ Վենետիկի եկեղեցիներուն Սուրբ Պիոս Ժ-ի մասունքներու ուխտագնացութիւնը ու ուրախ է որ հազարաւոր հաւատացեալները որոնք մեծարեցին Սուրբը, իրենց աղօթքով եւ մասնակցութեամբ ցոյց տուին, որ Պիոս Ժ սահմանափակուած չէ պատմութեան անցեալի ժամանակաշրջանին մէջ կամ մենաշնորհուած է որոշակի խումբերով այլ կը պատկանի այսօրուան եկեղեցւոյ՝ ժողովուրդին, ամէն տարիքի մկրտեալներուն, որոնք կ՝ուզեն հաւատարիմ ըլլալ աւետարանին ու իրենց հոգեւոր հովիւներուն եւ սուրբերը կը զգան, որպէս կեանքի ոճ ու Յիսուսի եւ աւետարանի ետին ուղեւորութեան հարազատ ընկերները, քաղելով սուրբերուն կեանքի օրինակներ եւ ընտրանքները։

«Կեցցէ Սուրբ Պիոս Ժ Պապը թող Ան խորապէս ապրի այսօրուայ եկեղեցւոյ սիրտին մէջ» գրեց Սրբազան Հայրը


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2024, 14:00