VATICAN-RELIGION-POPE-REGINA COELI

Յարուցեալ Տիրոջ խաղաղութեան պարգեւը թող հասնի ամենուրէք ու յատկապէս պատերազմներէ հիւծուած ժողովուրդներուն

Նորին Սրբութիւնը ըստ Լատինաց «Հրեշտակի Երկուշաբթի» օրուայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին նորոգեց Սուրբ Զատկուայ իր բարեմաղթանքները եւ խաղաղութեան պարգեւը հայցեց համայն աշխարհին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի մէկ ապրիլին, Ուրախ լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքէն ետքը Քահանայապետը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներուն ու հաւատացեալներուն նորոգեց իր Սուրբ Զատկուայ տօնին շնորհաւորութիւնները ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնք որոնք տարբեր ձեւերով իրենց ուղարկեցին մօտիկութեան ու աղօթքի պատգամներ։

«Այս անձերուն, ընտանիքներուն ու հասարակութիւններուն թող հասնի Յարուցեալ Տիրոջ խաղաղութեան պարգեւը» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնելով որ խաղաղութեան այդ պարգեւը հասնի նաեւ այնտեղ ու անոր կարիքը կայ, «պատերազմէ, անօթութենէ եւ ամէն տեսակ ճնշումէ հիւծուած ժողովուրդներուն» յարեց Ան ապա ողջունեց սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները անոնց մաղթելով Բարի Հրեշտակի Երկուշաբթի ու ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2024, 12:30