2024.04.21 Regina Caeli

Չյանձնուինք պատերազմի տրամաբանութեան, թող գերակշռեն երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան ուղիները. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յիշեց Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային 61րդ Օրը, աղօթք խնդրեց խաղաղութեան համար ու նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ միսիոնար արկածի զոհ` Հայր Մաթթէօ Փեթթինարիի հոգւոյն հանգստեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 21 ապրիլ 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքէն ետքը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային 61րդ Օրը որուն բնաբանն է «Կոչուած սերմանելու յոյս եւ կառուցելու խաղաղութիւն»։

«Ասիկա գեղեցիկ առիթ է վերաբացայայտելու համար Եկեղեցին, որպէս խարիզմներու եւ կոչումներու բազմաձայնութիւն ի ծառայութիւն Աւետարանին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց եւ շնորհաւորելով Հռոմի Թեմի նորօծ Քահանաները, որոնք շաբաթ 20 ապրիլ 2024ի երեկոյեան Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ ընդունեցան Քահանայական կարգը, յատուկ աղօթք խնդրելով անոնց համար։

«Կը շարունակեմ մտահոգութեամբ ու ցաւով հետեւիլ Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան։ Կը նորոգեմ կոչս չյանձնուելու ոխերմութեան ու պատերազմի տրամաբանութեան, թող գերակշռեն երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան ուղիները, որ շատ բան կարող են ընել» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով նաեւ, թէ ինք ամէն օր կ՛աղօթէ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ խաղաղութեան համար եւ կը մաղթէ, որ այդ «երկու ժողովուրդներուն տառապանքը շուտով դադրի»։ «Եւ չմոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան, որ շատ կը տառապի պատերազմի պատճառաւ» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա ցաւ արտայայտեց ի լուր արկածի զոհ` Հայր Մաթթէօ Փեթթինարիի մահուան։ «Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ երիտասարդ միսիոնար մը որ ճանչցուած էր որպէս «անխոնջ միսիոնարը», որ թողուց վեհանձն ծառայութեան մեծ վկայութիւն մը», յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով աղօթել անոր հոգւոյն հանգստեան համար։

Նորն Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2024, 12:37