2023.11.15 Udienza Generale

Ֆրանչիսկոս Պապը սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմօր-Լեսթ եւ Սինկափոր

Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։ Առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը պիտի հրապարակուի յաջորդիւ։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Յառաջիկայ 2էն 13 սեպտեմբեր 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ դէպի Ինտոնեզիա, Փափուա նովա Կինէա, Թիմօր-Լեսթ եւ Սինկափոր։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին նշելով նեաւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապը այս ճամբորդութիւնները պիտի կատարէ «ընդառաջելով համապատասխան պետութիւններու ղեկավարներուն եւ եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին»

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը տեղկացուց նաեւ թէ «3էն 6 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաքը՝ Ժաքարթան, 6էն 9 սեպտեմբերին Փափուա Կինէային Վանիմօ մայրաքաղաքը,
9էն 11  սեպտեմբերին Թիմօր Լեսթի մայրաքաղաք` Տիլի, իսկ 11էն 13 սեպտեմբերին Սինկափոր»։

Պուրնի յստակացուց նաեւ թէ «Առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը պիտի հրապարակուի յաջորդիւ»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2024, 12:00