«Թող Յոբելեանը բոլորի համար ըլլայ յոյսը վերակենդանացնելու հնարաւորութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապ

Հրատարակում ու յանձնում 2025ի Սուրբ Տարուան «Spes non confundit» Յոբելենական Կոնդակին։Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս տաճարի Նախագաւիթին մէջ Սուրբ Դռան առջեւ

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

2025ի Յոբելենական տարւոյն համար Ֆրանչիսկոս Պապը յոյս կը հայցէ, աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է զէնքերու շառաչիւնով, մահով, կործանումներով ու մերձաւորի նկատմամբ ատելութեամբ, անօթութեամբ ու «բնապահպանական պարտքով», ինչպէս նաեւ ծնունդներու պակասով։

Յոյսն է բալասանը` զոր Սրբազան Պապը կ՛ուզէ տարածել «բռնութեան դաժանութեամբ» ճնշուած կամ աղքատութեան ծայրայեղ աճի թիրախ մարդկութեան վէրքերուն վրայ:

Յոյսը չի հիասթափեցնէր. Այս է յառաջիկայ 2025 տրուայ Յոբելենական Սուրբ Տարին հռչակող Կոնդակին բնաբանը, որ ըստ աւանդութեան, Յոբելենական Տարին կանխող մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին օրը, հինգշաբթի 9 մայիս 2024ին, Ֆրանչիսկոս Պապը յանձնեց աշխարհի հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող Եկեղեցիներու պատասխանատուներուն, այս առիթով կատարուած ժամասացութեան աղօթքի ընթացքին։

«Spes non confundit» բնաբանով Կոնդակը բաղկացած է 25 կէտերէ, եւ կը պարունակէ աղերսներ, ապա կոչեր բանտարկեալներուն, հիւանդներուն, աղքատներուն, երիտասարդներուն համար եւ կը յայտարարէ նոր Սուրբ Տարուայ մը նորութիւնները։

«Յոյսի ուխտաւորներ»

Սուրբ Տարուան բնաբանն է «Յոյսի ուխտաւորներ» եւ Քահանայապետը Կոնդակի առաջին կէտին մէջ կը բացատրէ յոյսին կարեւորութիւնը ու յոբելենական տարւոյն իմաստը հաստատելով, որ «Բոլորը կը յուսան։ Իւրաքանչիւր մարդուն սրտին մէջ ներփակուած է յոյսը) որպէս իղձ եւ սպասում բարիին»։ Ան ապա կը հայցէ որ Սուրբ Տարին ըլլայ առիթ` կենդանի հանդիպումի մը մեր Տիրոջ Յիսուսին հետ, «դուռը» փրկութեան։

Յոյսի Խօսք մը

Երկրորդ եւ երրորդ կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը բացատրէ քրիստոնէական յոյսին էութիւնն ու կարեւորութիւնը, որ կը բխի Աստուծոյ մարդկութեան հանդէպ ունեցած սէրէն։

Չորրորդ կէտին մէջ Ան շեշտը կը դնէ համբերութեան վրայ, որ կարեւոր առաքինութիւն է յուսալքումի չմատնուելու համար, յատկապէս այս ժամանակներուն երբ «տարածքն ու ժամանակը» դարձած են «այժմ եւ անմիջապէս»։

Յոյսի ուղեւորութիւն

Ասկէ մեկնելով է, որ Քահանայապետը կ՛առաջարկէ յոբելենական յոյսի ուղեւորութիւն մը, որպէս «շնորհքի ճանապարհ», որուն մէջ ուխտագնացութիւնը կը դառնայ հիմնական տարր։

Արեւելքի եկեղեցիներուն հրաւէր

Սրբազան Պապը առ այդ յատուկ հրաւէր մը կ՛ուղղէ Արեւելքի եկեղեցիներուն, կաթողիկէ եւ օրթոտոքս, որոնք «մեծապէս տառապեցան, յաճախ մինչեւ մահ, Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ իրենց հաւատարմութեան բերումով»։

«Այս մեր եղբայրները իրենք զիրենք պէտք է զգան բարի եկած Հռոմ, որ անոնց համար է նաեւ Մայր», կը գրէ Քահանայապետը Կոնդակին մէջ յատուկէն յիշելով այն բոլոր հաւատացեալները, որոնք կ՛ապրին «Խաչի ճանապարհի ուխտագնացութիւնը», ստիպուած ըլլալով թողուլ իրենց հայրենիքը, բռնութեան եւ անկայունութեան պատճառաւ։

Սուրբ Զատկուայ միասնական թուական

Վեցերորդ կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յիշէ անցեալ Յոբելենական տարիները ու կը մատնանշէ 2033 թուականին, որուն ընթացքին պիտի յիշատակուի «Փրկութեան երկու հազար ամեակը», հաստատելով, որ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային Սուրբ Դռան բացումը կատարուի 24 դեկտեմբեր 2024ին եւ յաջորդ կիրակին` 29 դեկտեմբերին բացումը` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան, ապա մէկ Յունուար 2025ին, Սուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ տօնին օրը, բացում Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային Սուրբ Դռան հուսկ Յունուար հինգին Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի Սուրբ դռան։ Վերջին այս երեք Պապական պազիլիքաներուն Սուրբ Դռները պիտի փակուին կիրակի 28 դեկտեմբեր 2025ին, մինչ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային Սուրբ Դռան փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 Յունուար 2026ին.

Յոյսի նշաններ

Քահանայապետը կը հրաւիրէ Աստուծոյ շնորհքը բացայայտելու նաեւ ժամանակներու նշաններուն մէջ, եւ կը հայցէ` որ Յոբելեանի առաջին յոյսի նշանը թարգմանուի աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումով, հրաւիրելով ապագային նայելու յոյսով եւ իր մտահոգութիւնը արտայայտելով ի տես ծնելիութեան պակասի հարցին, որուն պատճառները բազմաթիւ են` սկսեալ արագընթաց կեանքի մը ոճէն եւ ընկերային տիպարներէն, որոնք կը նախընտրեն շահը քան յարաբերութիւնները։

Բանտարկեալները

Վերոնշեալ եօթներորդ, ութերորդ եւ իններորդ կէտերէն ետքը տասներորդ կէտին մէջ Քահանայապետը կը հրաւիրէ շօշափելի նշաններ դառնալու դժուարութեան մէջ ապրող եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, այս ուղղութեամբ մտածելով բանտարկեալներուն եւ կոչ ուղղելով կառավարութիւններուն որպէսզի Սուրբ Տարուան առիթով, դիմեն յոյս հրահրող ձեռնարկներու, ինչպիսիք է համաներումը կամ պատիժի վերատեսումը։ Ան կը յայտարարէ նաեւ, որ Սուրբ Դռան բացումը պիտի կատարէ բանտի մը մէջ, «որպէսզի անիկա անոնց համար ըլլայ խորհրդանիշ, որ կը հրաւիրէ զանոնք նայելու դէպի ապագան յոյսով և կեանքին նորոգուած յանձնառութեամբ»։

Հիւանդները, երիտասարդները

Տասնմէկերորդ կէտին մէջ յիշուած են ապա հիւանդները որոնց նկատմամբ եւս հարկաւոր է ցուցաբերել ուշադրութիւն ապա տասներկուերորդ կէտը նուիրուած է երիտասարդներուն որոնց երազները խորտակուած են։ Թող Յոբելենական տարին ըլլայ առիթ անոնց նկատմամբ նոր սլացքի, եւ նորոգուած եռանդով հոգ տանինք պատանիներուն, ուսանողներուն, նոր սերունդին... կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։

Պաշտպանել աւելիով տկարներուն իրաւունքը

Տասներեքերորդ կէտին մէջ Քահանայապետը կը հրաւիրէ յոյսի նշաններ տալու նաեւ գաղթականներուն հրաւիրելով քրիստոնեայ հասարակութիւնները միշտ թիկունք կանգնելու եւ պաշտպանելու աւելիով տկարներուն իրաւունքները, ապա լայն բանալու հիւրընկալութեան դռները որպէսզի իրականայ Յիսուսին խօսքը `թէ «այն ինչ, որ ըրիք իմ այս ամենափոքր եղբայրներէս մէկուն, ինծի ըրիք»։

Տարեցներուն նուիրուած կէտը տասնչորրորդն է ուր Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ անոնց յաճախ առանձնութեան մէջ ապրած կեանքին, դիտել տալով` որ անոնք «իմաստութեան» կրողներն են եւ երիտասարդներուն հաւատք փոխանցողները եւ կարիքը ունին զաւակներու թիկունքին ու թոռնիկներու սիրոյն։

Աղքատներուն համար յոյս

«Սրտագին յոյս կը հայցեմ ապա միլիառաւոր աղքատներուն համար» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը տասնհինգերորդ կէտին մէջ մինչ յաջորդ երկու կէտերը կը յատկացնէ Յոյսի ի նպաստ կոչերու։

Առաջինին մէջ կը յիշեցնէ` թէ «երկիրն բարիքները սահմանուած չեն միայն առանձնաշնորհեալ քիչերուն, այլ բոլորին» եւ կոչ կ՛ուղղէ զէնքերուն յատկացուած գումարները յատկացնելու վերացնելու համար անօթութիւնը, եւ աղքատ երկիրները զարգացնելու ի սպաս նուիրուած հիմնադրամի մը։ Քահանայապետը կը հրաւիրէ ապա աղքատ երկիրներուն պարտքերը ջնջելու։

Սուրբ Զատկուայ միասնական թուական

Ան ապա կը յիշէ 2025ին յիշատակուող Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովին 1700 ամեակը, որուն ընթացքին նիւթերու շարքին քննարկուած էր նաեւ Սուրբ Զատկուան թուականի հարցը։ Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ, որ մինչեւ օրս կան տակաւին տարբեր դիրքորոշումներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան կարելիութիւն տալու որ հաւատքի հիմք հանդիսացող եկելութիւնը տօնել միասնաբար, այս ուղղութեամբ ընդգծելով` որ այս մէկը «նախախնամական կարգադրութեամբ պիտի պատահի 2025 թուականին»։

Թող` որ այս մէկը կոչ մը ըլլայ Արևելքի և Արևմուտքի բոլոր քրիստոնեաներուն՝ վճռական քայլ մը կատարելու դէպի Զատկուան տօնի միասնական թուականի մը շուրջ։

Կառչած յոյսին

Տասնութերորդ, տասնիններորդ եւ քսաներորդ կէտերուն մէջ Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ աստուածաբանական առաքինութիւններուն, հաւատք, յոյս, սէր ապա հրաւէր կ՛ուղղէ նկատի առնելու մարտիրոսներուն վկայութիւնը, որոնք կը պատկանին քրիստոնեայ տարբեր դաւանանքներու, յոյս յայտնելով որ Յոբելենական այս Սուրբ Տարուան ընթացքին «չպակսի համամիութենական արարողութիւնը»։

Յաւիտենական կեանքն ու երջանկութիւնը

Քսանմէկերորդ եւ քսաներկուերորդ կէտերուն մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը կը դնէ յաւիտենական կեանքի եւ երջանկութեան իմաստին վրայ ու նաեւ վերջին դատաստանին վրայ, որ կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ հետ վերջնական հանդիպում, որուն համար հարկաւոր է դարձ, զղջում, աղօթք եւ մեղքերու խոստովանանքը, որպէսզի արժանի դառնանք աստուածային ողորմութեան։

Ողորմութեան միսիոնարները

Այս ուղղութեամբ քսաներեքերորդ կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը յղում կը կատարէ «Ողորմութեան միսիոնարներուն» զոր ինք հաստատած էր Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ Յոբելեանին առիթով, որոնք պիտի շարունակեն իրենց «ներելու» ծառայութիւնը։

Մարեմեան սրբավայրերը

Քսանչորորդ կէտին մէջ Քահանայապետին հրաւէրն է «աղօթելու Մարեմեան սրբավայրերուն մէջ, հայցելով Մարիամի պաշտպանութիւնը, որպէսզի բոլորը «զգան ամենասիրելի մօր մօտիկութիւնը, որ երբեք չի լքեր իր զաւակները»։

Աստուծոյ յոյսը

«Յաջորդ Յոբելեանը պիտի ըլլայ Սուրբ Տարի մը յատկանշուած յոյսով մը, որ երբեք չի մարիր` Աստուծոյ յոյսը» կը գրէ Կոնդակի աւարտին Սրբազան Պապը մաղթելով, որ անիկայ մեզի բոլորիս օգնէ «վերագտնելու անհրաժեշտ վստահութիւնը, Եկեղեցւոյ, հասարակութեան, միջանձնային եւ միջազգային յարաբերութիւններու, իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան խթանման և ստեղծագործութեան յարգանքին մէջ»:

«Թոյլ տանք այժմէն իսկ ներգրաւուիլ յուսով և թոյլ տանք, որ ան մեր միջոցաւ վարակիչ դառնայ բոլոր անոնց, որոնք զայն կը ցանկան»... Թող որ յոյսի ուժը լեցնէ մեր ներկան, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերադարձին վստահելի սպասումով, որուն փառք ու պատիւ այժմ և միշտ եւ յաւիտեանս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 17:57