Երանելի Քարլօ Աքութիս Երանելի Քարլօ Աքութիս 

Եկեղեցին պիտի ունենայ նոր սուրբեր, որոնց շարքին երանելի Քարլօ Աքութիսը

Ֆրանչիսկոս Պապ հնարաւորութիւն տուաւ սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին հրապարակելու նոր սուրբերու, երանելիներուն եւ Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 23 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն ու հաւանութիւն տուաւ հրապարակելու նոր սուրբերու, երանելիներու, Աստուծոյ ծառաներուն եւ աղախիներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Սուրբ կը հռչակուի, երանելի Ճուզէփէ Ալլամանօ։ Ան ծնած է Իտալիա 21 յունուար 1851ին, վախճանած է 17 փետրուար, 1926ին։ Հիմնած է Missioni della Consolata միաբանութիւնը։

Սուրբ Կը հռչակուի Երանելի Քարլօ Աքութիս։ Ան ծնած է Անգլիա 3 մայիս 1991ին եւ մահացած է Իտալիա 12 հոկտեմբեր 2006ին։

Սուբր Կը հռչակուի Աստուծոյ ծառայ Ճովաննի Մերլինի։ Հայր Ճովաննի ծնած է Իտալիա 28 օգոստոս 1795ին, մահացած 12 յունուար 1873ին։

Երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ ծառայ Քոսթքա Սթրէյք։ Թեմական քահանայ հայր Քոսթքա ծնած է լեհաստան ու իր քրիստոնէական հաւատքին համար ատելութեամբ սպաննուած է 27 փետրուար 1938ին։

Երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ աղախին Մարիա Մատտալենա Պոտի։ Ան ծնած Հունգարիա 8 օգոստոս 1921ին, եւ իր դաւանածա հաւատքին համար ատելութեամբ սպաննուած է 23 մարտ 1945ին։

Աստուծոյ ծառայ կը հռչակուի Հայր Կուլիէլմօ Կաթթիանի։ Ան ծնած է Իտալիա 11 նոյեմբեր 1914ին, մահացած 15 դեկտեմբեր 1999ին։ Անդամ էր Քափուչիններու փոքրիկ եղբայրներ միաբանութեան։

Աստուծոյ ծառայ, Իսմայէլ Մոլիներօ Նովիլլօ։ Ան ծնած է Սպանիա 1 մայիս 1917ին, եւ սպաննուած է 5 մայիս 1938ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճանչցաւ Աստուծոյ ծառայ Էրիքօ Մէտէյի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան ծնած է Իտալիա 26 ապրիլ 1911ին, մահացած է 26 մայիս 1974ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաւանութիւն տուաւ կարդինալ հայրերու եւ եպիսկոպոսներուն սովորական նստաշրջանի դրական քուէարկութիւններուն՝ երանելի Էմանուէլ Ռուիզի ու անոր եօթը ընկերներու սրբադասման համար՝ Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութենէն, եւ Ֆրանչիսկոսի, Ապտէլ Մութ, Ռաֆայէլ Մասսապքի, աշխարական հաւատացեալներուն, որոնք իրենց հաւատքին համար սպաննուեցան Սուրիոյ Դամասկոս մայրաքաղաքին մէջ 9էն 10 յուլիս 1860ին։ Նորին Սրբութիւնը որոշեց նաեւ գումարեց կարդինալներու ժողով մը որ պիտի վերաբերի նաեւ երանելի Ճուզէփէ Ալլամանոյի, Մարէ Լէոնի Փարատիս, Էլէնա Կուէրայ եւ Քարլոս Աքութիսին սրբադասման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2024, 11:48