Պօղոս Զ Քահանայապետը եղաւ Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ և մարդկութեան նկատմամբ սիրով տոգորուած հովիւ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետին ծիսական տօնը` Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ և մարդկութեան նկատմամբ սիրով տոգորուած հովիւ։ Թող որ այս առիթը մեզ բոլորս օգնէ վերագտնելու քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութիւնը, հրահրերով նորոգուած յանձնառում, սիրոյ քաղաքակրթութեան կառուցումին համար։ Եթէ ժամանակ ունենաք կարդացէք Անոր «Evangelii nuntiandi» յորդորագիրը»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեց իր նախորդներէն մին` երջանկայիշատակ եւ Սուրբ Քահանայապետ, Պօղոս Զ-ին ծիսական տօնը, զոր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ այսօր` 29 Մայիսին։ Ան արդարեւ երանելի հռչակուած էր 19 հոկտեմբեր 2014 եւ Ֆրանչիսկոս Պապ զայն Սուրբերու շարքին դասեց 14 հոկտեմբեր 2018ին։
Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ խօսքերը արտասանեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակին վրայ գտնուող իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները.
Սուբր Պօղոս Զ Քահանայապետ
Սուրբ Պօղոս Զ, Ճովաննի Պաթթսիթա Մոնթինի, ծնած է Իտալիոյ Պրէշիա քաղաք՝ 26 սեպտեմբեր 1897-ին: Քահանայ ձեռնադրուած է 29 մայիս 1920-ին: 1937-ին նշանակուած է Պետական քարտուղարութեան փոխանորդ: Համաշխարհային Բ պատերազմին ընթացքին ձեռնարկած է բարեսիրական, խնամակալական եւ հիւրընկալութեան ծրագիրներ ի նպաստ Ֆաշիսթներու հալածանքի թիրախներուն, յատուկէն հրեաներուն:
1955-ին, ընտրուած է Միլան թեմի Արքեպիսկոպոս: Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին օրով, մաս կազմած է կարդինալական դասին: 21 յունիս 1963-ին, ընտրուած է Սուրբ Պետրոսի յաջորդը անուանակոչուելով Պօղոս Զ:
Սուրբ Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետին ձեռնարկած անթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին արժանի է յիշել Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը, Առաքելական միջազգային ճամբորդութիւններ կատարելու նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ համամիութենական եւ միջ-կրօնային երկխօսութեան ի նպաստ վաստակը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ