Խաղաղութիւնը արհեստաւորական է, զայն կը կառուցենք նաեւ մենք, եւ ոչ միայն հզօրները պայմանագիրներով
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Խաղաղութիւնը արհեստաւորական է». Ան չի կառուցուիր միայն հզօրներու «ընտրութիւններով եւ միջազգային պայմանագիրներով», որոնք իհարկէ չափազանց կարեւոր եւ հրատապ քաղաքական ընտրութիւններ են»։ Մենք նոյնպէս խաղաղութիւն կը կառուցենք՝ «մեր տուներու, ընտանիքներու մէջ, հարեւաններու միջեւ, այն վայրերէն ներս ուր կ’աշխատինք, այն թաղամասերում մէջ, ուր կ’ապրինք»։
Անցեալի յիշողութիւնները, ներկայի վերաբերեալ առաջարկութիւնները եւ ապագային հայող խոստումները կը միահիւսուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող «Արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը պիտի համբուրուին» գիրքին ներածականին մէջ: Գրուածքներու եւ միտքերու հատընտիր՝ «շատ արդիական» այդ նիւթին շուրջ, որը նաեւ 18 Մայիսին Վերոնա այցին առանցքը պիտի կազմէ։ Հրատարակուած է վատիկանեան LEV հրատարակչատունի եւ իտալական «L'Arena» պարբերականի կողմէ ու լոյս տեսած է երեկ՝ 15 Մայիսին, եւ պիտի բաժնուի անվճար Վերոնայի «L'Arena» թերթի հետ շաբաթ օրը:
Եսասիրութիւնը հակամարտութեան կը վերածուի
Խաղաղութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ արդարութիւնը՝ առաջին հերթին իւրաքանչիւր հակամարտութեան «զոհերու» մէջ, այնպէս ինչպէս «խաղաղութիւնը նախապայման կը դառնայ արդար հասարակութեան մը համար»։ Սակայն մարդկութեան այս երկու հարթութիւնները «գին» ունին՝ պայքարիլ սեփական եսասիրութեան դէմ՝ այսինքն «իմ»ը «մեր»էն առաջ դնելուն» դէմ, կը գրէ Սրբազան Պապը։ Ըստ Անոր՝ իւրաքանչիւր եսասիրութիւն «անարդար է» եւ «երբ այդ մէկը կը դառնայ անձնական եւ հասարակական կեանքի համակարգ, կը բանայ դռները հակամարտութիւններուն համար, քանի որ սեփական շահերը պաշտպանելու համար պատրաստ ենք հարեւանը ճնշել, որ մերձաւորէն կը դառնայ հակառակորդ, հետեւաբար եւ թշնամի, որուն պէտք է ստորնացնել, տապալել եւ պարտութեան մատնիլ»:
Խաղաղութեան և արդարութեան ընտրութիւններ՝ նոր աշխարհ կառուցելու համար
Ֆրանչիսկոս Պապը կ’ամփոփէ ապա, որ խաղաղութիւնը կը կառուցուի փոքրիկ ժէստերով, խօսքերով, սովորութիւններով, եւ կը մատնանշէ այդ ճամբան․ Կարող ենք խաղաղութիւն կերտել՝ գաղթականը օգնելով, անոր որ փողոցի վրայ մուրացկանութիւն կ’ընէ, այցելելով տարեց մը, անոր, որ մինակ է եւ ոչ մէկը ունի որուն հետ խօսի, բազմապատկելով խնամքը Երկիր մոլորակի հանդէպ, որ խոշտանգուած է մեր՝ եսասէր շահագործողներուս կողմէ, կը յարէ Ան։
«Մաս մաս» համաշխարհային պատերազմի դէմ, հետեւաբար, կան «խաղաղութեան փոքրիկ կտորներ», որոնք «եթէ միացուին, մեծ խաղաղութիւն կը կառուցուի»: «Խաղաղութեան եւ արդարութեան այս ամենօրեայ և հասանելի ընտրութիւններով կարող ենք սերմանել նոր աշխարհի մը սկիզբ, որտեղ մահը պիտի չ’ունենայ վերջին խօսքը, եւ կեանքը պիտի ծաղկի բոլորի համար», ի վերջոյ կ՛ եզրակացնէ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ