Ֆրանչիսկոս Պապը՝ «Մասնագիտական վերապատրաստումի եւ արդիականացման ազգային համադաշնութեան» անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ «Մասնագիտական վերապատրաստումի եւ արդիականացման ազգային համադաշնութեան» անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Միջոցներ ներդնել՝ աշխատանքի շարունակական, ստեղծագործ եւ միշտ թարմացուող վերապատրաստում իրականացնելու համար․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Մասնագիտական վերապատրաստման եւ արդիականացման ազգային համադաշնութեան» անդամները․ «Կարելի է համատեղել աշխատանքը և մարդու կոչումը, քանզի լաւ մասնագիտական կազմաւորումը հնարաւորութիւն կու տայ կատարել աշխատանք եւ, միաժամանակ, բացայայտել գոյութիւն ունենալու իմաստը աշխարհի եւ հասարակութեան մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 3 Մայիս 2024ին Պօղոս Զ դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց «Մասնագիտական ​​վերապատրաստման եւ արդիականացման ազգային համադաշնութեան» շուրջ 6.000 անդամները՝ Կազմակերպութեան գործունէութեան 50ամեակին առիթով։

Բարի գալուստ մաղթելէն ետք՝ Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ «Կրօնական Հաստատութիւններու հարուստ եւ բազմազան հոգեւորութեան արտայայտութեան» այդ ներկայացուցիչներուն, որոնք՝ «ներշնչուած Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութենէն», «իրենց շնորհապարգեւին մէջ ունին մասնագիտական ​​վերապատրաստման միջոցաւ երիտասարդներուն ծառայութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, ուստի, խորհրդածել երեք բառերու շուրջ՝ երիտասարդներ, վերապատրաստում, մասնագիտութիւն:

Կրթութենէ եւ վերապատրաստումէ հրաժարիլը ողբերգութիւն է

«Երիտասարդները մեր ժամանակի ամենէ դիւրաբեկ խաւերէն են, որոնք միշտ լի են տաղանդներով եւ ներուժով, բայց եւ այնպէս առանձնայատուկ կերպով խոցելի են (…)՝ ըլլայ մարդաբանական որոշ պայմաններու, ըլլայ այսօրեայ դարաշրջանի տարբեր մշակութային բնոյթներու պատճառաւ», նկատել տուաւ Ան եւ նշեց այդ պատճառներէն որոշները․

Օրինակ NEETը (Not in Education, Employment or Training), այսինքն այն երիտասարդները, որոնք չունին զբաղմունք եւ ներգրաւուած չեն կրթութեան կամ վերապատրաստման ծրագիրներու մէջ։ Կամ անոնք, որոնք յաճախ չեն գտներ իրենց երազանքներուն համապատասխան աշխատանք եւ ստիպուած կը բաւարարուին անկայուն և ցած վարձատրուած աշխատանքներով, կամ ալ՝ շահագործուելով կը հրաժարին աշխատանքէն։

Նման իրավիճակներուն առջեւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց կրթութեան եւ վերապատրաստումի կարեւորութիւնը․ «Մենք բոլորս պէտք է գիտակցինք բան մը. կրթութենէ եւ վերապատրաստումէ հրաժարիլը ողբերգութիւն է» հաստատեց Ան եւ անհրաժեշտ նկատեց համապատասխան օրէնսդրութեան խթանումը, որ ունակ ըլլայ ապահովելու սերունդներու հերթափոխութիւնը, ուր դուրս եկողներու հմտութիւնները ծառայեն աշխատաշուկայ մուտք գործողներուն՝ այլ բառերով, ըսաւ Ան, «մեծահասակները պէտք է կիսեն երիտասարդներու երազանքներն ու ցանկութիւնները, առաջնորդեն, աջակցին, քաջալերեն՝ առանց դատելու»։

Իրականացնել վերապատրաստում՝ առանց «յանկարծաբանելու»

«Երկրորդ բառը վերապատրաստումն է, որ ցոյց կու տայ ապագայ կերտելու անփոխարինելի յանձնառութիւնը», շարունակեց Սրբազան Հայրը եւ ակնարկելով նոր արհեստագիտութիւններու եւ արհեստական ​​բանականութեան զարգացումներուն կոչ ըրաւ մերժել երկու գայթակղութիւն՝ մէկ կողմէ՝ արհեստագիտութիւններու նկատմամբ վախը (tecnofobia), որ կը տանի անոր մերժումին, միւս կողմէ՝ արհեստագիտութիւններուն ենթարկուիլը (tecnocrazia), այսինքն՝ այն պատրանքը, որ արհեստագիտութիւնը կարող է լուծել բոլոր խնդիրները։

Այդ երկու ծայրայեղութիւններու փոխարէն Ֆրանչիսկոսը առաջարկեց «միջոցներ ներդնել՝ աշխատանքի շարունակական, ստեղծագործ և միշտ թարմացուող վերապատրաստում» իրականացնելու համար, առանց «յանկարծաբանելու», այլ՝ «ընտանիքներու հետ ամուր կապի», եւ «ընկերութիւններու հետ առողջ և արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու» միջոցաւ:

Մասնագիտութիւնը մեզ կը բնորոշէ

Երրորդ բառը, որուն շուրջ Պապը առաջարկեց խորհրդածել՝ մասնագիտութիւնն է։ «Մասնագիտութիւնը մեզ կը բնորոշէ, յարեց Ան եւ աւելցուց, որ երբ կը ծանօթանանք մարդու մը հետ կը հարցնենք թէ ի՞նչ է անունը եւ թէ ի՞նչ աշխատանք կ՛ընէ։ Ինչպէս Յիսուսի պարագային, որ ճանչցուած էր որպէս «հիւսնի որդի» (Մատթէոս 13.55) կամ պարզապէս «հիւսն» (Մարկոս 6.3): Աշխատանքը մեր կեանքի և մեր մասնագիտութեան հիմնարար մասն է, ըստ այդմ կարեւոր է, որ վերապատրաստումի դասընթացները ծառայեն մարդու ընդհանրական աճին՝ անոր հոգևոր, մշակութային և աշխատանքային հարթութիւններէն ներս։

«Կարելի է համատեղել աշխատանքը և մարդու կոչումը, քանզի լաւ մասնագիտական ​​պարտատրուածութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ կատարել աշխատանք եւ, միաժամանակ, բացայայտել գոյութիւն ունենալու իմաստը աշխարհի եւ հասարակութեան մէջ», ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւարտին քաջալերեց ներկաները չմոռնալ՝ երիտասարդներ մասնագիտութիւն, վերապատրաստում բառերը, ապա՝ հրաւիրեց բոլորին աղօթել միասին Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2024, 12:17