Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն է` հայցենք մեր կեանքին համար ներդաշնակութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ

«BENTEGODI» մարզադաշտին մէջ՝ Հոգեգալուստի նախօրէի Սուրբ Պատարագով աւարտուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին Վերոնա միօրեայ հովուական այցելութիւնը Վերոնա․ «Այսօր, պատերազմի եւ անոր հետեւանքներու պատճառաւ ճնշուած ժողովուրդներէն երկինք կը բարձրանայ խաղաղութեան աղաղակը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ օրը՝ 18 Մայիս 2024ին յետմիջօրէին ժամը՝ 15.30-ին Վերոնա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ «BENTEGODI» մարզադաշտին մէջ գլխաւորեց Հոգեգալուստի նախօրէի Սուրբ Պատարագը որուն ներկայ էին աւելի քան 32 հազար հաւատացեալներ։

Այս առիթով արտասանած քարոզին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ «Ո՞վ է Սուրբ Հոգին» մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի եւ իր անձնական փորձառութեան ու հաստատելով, որ «Ան մեր կեանքին դերակատարն է, Ան որ մեզ յառաջ կը մղէ, որ մեզի կ՛օգնէ յառաջ ընթանալու ու մեր մէջ կը զարգացնէ քրիստոնէական կեանքը։

Սուրբ Հոգին մեր մէջն է. Ու պէտք է մտիկ ընենք Անոր։

Այսօր կը տօնախմբենք օրը երբ Սուրբ Հոգին եկաւ։ Աշակերտները փակուած էին վերնատան մէջ։ կը վախնային։ Սուրբ Հոգին եկաւ եւ փոխեց սիրտը ու անոնք գացին քաջութեամբ քարոզելու։

Սուրբ Հոգին մեր կեանքը կը փոխէ

«Սուրբ Հոգին մեզի քաջութիւն կը պարգեւէ քրիստոնէական կեանքը ապրելու եւ այդ քաջութեամբ մեր կեանքը կը փոխէ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց աղօթել ու վստահիլ Սուրբ Հոգիին` փոխելու համար մեր կեանքը. Ան կարող է փոխել սիրտը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները միասնաբար կրկնելու «Սուրբ Հոգին մեր կեանքը կը փոխէ» խօսքը։

Սուրբ Հոգին քաջութիւն կը պարգեւէ

«Երկրորդ յատկութիւնը այն է որ Սուրբ Հոգին քաջութիւն կը պարգեւէ» յարեց Քահանայապետը այս անգամ եւս հրաւիրելով միասնաբար կրկնելու «Սուրբ Հոգին մեզի քաջութիւն կը պարգեւէ։

Ներդաշնակութիւնը

Մատնանշելով ապա Պենտեկոստէի տօնին օրուան առիթով ներկայ գտնուող բոլոր ազգութիւններու, լեզուներու ու մշակոյթներու պատկան անձերուն, Սրբազան Պապը նշեց թէ Սուրբ Հոգին այդ անձերուն հետ կը կառուցէ Եկեղեցին։ Կառուցել, չի նշանակեր թէ ինք միաձեւ կը դարձնէ ամէն բան, ո՛չ, այլ կը միացնէ, միասիրտ կը դարձնէ, միացնող սիրոյ միջոցաւ։ Բոլորս ալ փրկուած ենք, բոլորս ալ սիրուած ենք Հօրմէ եւ Սուրբ Հոգին իրար կը միացնէ բոլորը, ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները կրկնելու Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ խօսքը։

Պենտեկոստէի հրաշքը

«Ահա այս է այսօրուան հրաշքը, վախկոտ մարդիկ առնել ու զանոնք դարձնել քաջ, տարբեր մշակոյթներու մարդիկ ու կիներ միացնել, կազմել Եկեղեցին` «ստեղծել ներդաշնակութիւն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց իւրաքանչիւրը մտածելու իր կեանքին. Բոլորս ալ կարիք ունինք ներդաշնակութեան, պէտք ունինք` որ Սուրբ Հոգին սերմանէ ներդաշնակութիւն, մեր հոգիներուն, մեր ընտանիքներուն, քաղաքներուն, ընկերութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «Ներդաշնակութեան հակառակը պատերազմն է, մէկը միւսին դէմ կռուիլն է... եւ այդ մէկը Սուրբ Հոգիին գործը չէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

«Սուրբ Հոգիի գալստեան օրը ներկայ էր նաեւ Սուրբ Կոյսը առ այդ Անորմէ խնդրենք որ բարեխօսէ մեզի համար, որպէսզի ընդունինք Սուրբ հոգին։ Թող Ան որպէս մաղը մեզի սորվեցնէ ընդունիլ Սուրբ Հոգին» եղան Նորին Սրբութեան անպատրաստից հակիրճ քարոզին վերջին խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2024, 16:43