«Ծերութեան մէջ զիս մի լքեր». Տարեցներու եւ Մամիկ Պապիկներու օրուան Քահանայապետական պատգամ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 28 Յուլիս 2024ին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած Տարեցներու ու Մամիկ Պապիկներու համաշխարհային չորրորդ օրը, որուն առիթով Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց պատգամ մը, անոր բնաբան ընտրելով Սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքերը. «Ծերութեան մէջ զիս մի լքեր» (Սաղմոս 71,9)։
Աստուած իր զաւակները չի լքեր, երբեք
Քահանայապետը պատգամը կը սկսի հաստատելով, որ «Աստուած իր զաւակները չի լքեր, երբեք։ Ոչ ալ այն ժամանակ երբ տարիքը կը յառաջանայ եւ ուժերը կը պակսին, երբ մազերը կը ճերմկնան եւ ընկերային դերը կը նուազի, երբ կեանքը կը դառնայ նուազ արտադրող ու վտանգը կայ որ թուայ անիմաստ։ Ան չի նայիր արտաքին տեսքին (տես Սաղմ 16.7) և չի արհամարհեր ընտրել անոնք` որոնք շատերու համար անպատշաճ կը թուան։ Ան ոչ մէկ քար կ՛անտեսէ, ընդհակառակը, «ամենահին քարը» այն ապահով հիմքն է, որու վրայ կարող են հենուլ «նոր» քարերը՝ միասին կառուցելու համար հոգեւոր շէնքը (տե՛ս 1 Պետրոս 2.5)»։
«Սուրբ Գիրգը իր ամբողջութեամբ Տիրոջ հաւատարիմ սիրոյ պատմութիւն է, ուր Աստուած կը շարունակէ մեզի ցոյց տալ իր ողորմութիւնը, կեանքի բոլոր հանգրուաններու ընթացքին» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ, թէ «Աստուածաշունչին մէջ ծերութիւնը նշան է օրհնութեան», թէեւ, նկատել տուաւ Ան, եթէ նայինք մեր շուրջը ականատես կը դառնանք «լքումի» իրականութեան, ուր «առանձնութիւնը յաճախ` մեզի տարեցներուս դառն ուղեկիցն է»։
Առանձնութիւնը դառն ուղեկից
«Շատ են այս առանձնութեան պատճառները» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը, անոնց շարքին մատնանշելով գաղթին, պատերազմին, ու նաեւ այն համոզումին, թէ տարեցները անպէտք են ու կամ «երիտասարդներուն ապագան կը գողնան», «սոցիալական բեր մըն են»։
«Սերունդներու միջեւ հակադրութիւնը խաբեութիւն է և հակամարտութիւններու մշակոյթի թունաւոր պտուղ» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, քննադատելով նաեւ տարեցները անտեսող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու անձնական ընտրանքները, որոնք չեն ճանչնար իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատուութեան անձեռնմխելիութիւնը։ Այս կը պատահի երբ կը կորսուի իւրաքանչիւր անհատի արժէքը եւ մարդիկ կը դառնան լոկ գին մը, եւ շատ մը պարագաներու մէջ նաեւ շատ սուղ... եւ ինչ որ աւելի վատ է այն է, թէ շատ մը տարեցներ ենթակայ կը դառնան այս մտածելակերպին եւ իրենք զիրենք բեր մը զգալով կը կղզիանան։
Ոչ ես-ի եւ անհատականութեան մտայնութեան
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց «ես» ի եւ անհատականութեան մտայնութիւնը, որուն առաջին թիրախներէն է նաեւ ընտանիքը, թէեւ երբ տարիքը կը յառաջանայ այդ անհատականութեան պատրանքն ալ կամաց կամաց կը յայտնուի իր էութեան մէջ, ու կը հասկցուի թէ կարիքը կայ ուրիշին։
Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց հուսկ Աստուածաշունչի Հռութի գիրգին պատմութիւնը հրաւիրելով հետեւիլ Հռութի օրինակին, որ չուզեց առանձին լքել իր զոքանչը Նոոմինը անոր ամուսնոյն ու զաւակներուն մահէն ետքը եւ «զիս մի քլեր» կոչին պատասխանեց «պիտի չի լքեմ քեզ»։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք ամէն օր մօտիկութիւն կը ցուցաբերեն անոնց, որոնք այլեւս ոչ մէկը ունին իրենց մօտ։
հռութի օրինակը
Հռութը ընտրեց մօտիկ մնալ Նոոմիին եւ օրհնուեցաւ, երջանիկ ամուսնութեամբ, ժառանգներով ու հողերով։ Ասիկա կը հայի բոլորին. Մօտիկ մնալով տարեցներուն, գիտակցելով անոնց ընտանիքին, հասարակութեան եւ Եկեղեցւոյ մէջ անփոխարինելի դերին, մենք նոյնպէս կը ստանանք շատ պարգևներ, շատ շնորհքներ, շատ օրհնութիւններ»:
Անոնց նուիրուած այս Համաշխարհային չորրորդ Օրուան առիթով չի պակսեցնենք մեր սէրն ու քնքշութիւնը մամիկ պապիկներուն ու տարեցներուն, այցելենք անոնք` որոնք յուսալքուած են...Եսասէր վերաբերմունքին, որ կը հանգեցնէ մերժման և միայնութեան, հակադրենք բաց սիրտն ու երջանիկ դէմքը, որոնք քաջութիւն ունին ըսելու «ես քեզ չեմ լքէր» կը կարդանք Սրբազան Պապի պատգամին աւարտին որ Ան եզրափակեց բոլոր տարեցներուն ու անոնց մօտ եղողներուն շնորհելով իր օրհնութիւնները ու հաւաստիացնելով իր աղօթքները, խնդրելով նաեւ` որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ