Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Պարսելոնայի Ս. Փաչանօ համալսարանի ծիսագիտութեան կաճառի ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 10 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը իր շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ Պարսելոնայի Ս. Փաչանօ համալսարանի ծիսագիտութեան կաճառի ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան ու անոնց ուղղած բարի գալուստի խօսին մէջ ուրախութիւն արտայայտեց զիրենք ընդունելու Պետրոսի տան մէջ, աղօթքին նուիրուած այս տարուան առիթով։
«Կարեւոր է, ըսաւ Քահանայապետը, որ ձեր ուսումնասիրութիւններուն մէջ մտածէք Տիրոջ հետ այս միութիւնը փնտռելու անհրաժեշտութեան և այն միջոցներուն մասին, որ Եկեղեցւոյ միջոցաւ, մեզի տուաւ անոր հասնելու համար» եւ հաստատեց թէ «ծիսակատարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ որ այդ Աստուծոյ շուրջ հանդիպումը բոլորին համար է»։
Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ Սնադ՛Անսելմօ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ դասընթացքին որուն կը մասնակցին ներկաները ու դիտել տուաւ որ ծէսը առանց մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ միութեան շեղում է։
Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց ապա Սուրբ Պենետիկտոսին կոչումներու զատորոշումին հայող խօսքերը որուն կիզակէտը Աստուծոյ հետ առանձնական եւ հաւաքական հանդիպումն է եւ ասկէ մեկնելով ներկաները հրաւիրեց աշխատելու որպէսզի «ամենօրեայ ծիսակատարութիւնը կեանքի կոչուի եւ կարողանայ արտայայտել, հարցականի տակ դնել և սնուցել այս յարաբերութիւնները»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ