Վերոնայի Արէնաէն խաղաղութեան տենչ. Աղօթենք եւ գործենք խաղաղութեան ի սպաս. Ֆրանչիսկոս Պապ

Դանդաղիլը հրաւէրն է, որպէսզի հաւասարակշռեցնենք մեր սպասումները դիմելով երկխօսութեան որովհետեւ խաղաղութիւնը կը կառուցուի երկխօսութեամբ, յարեց Քահանայապետը նշելով որ պատերազմները յաճախ կը բխին համբերութեան պակասէն, խաղաղութիւնը կառուցելու համբերութեան պակասէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վերոնա կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպելէ ետք Վերոնայի կղերական դասին ու պատանիներուն հետ Վերոնայի «Արենա» ամփիթատրոնին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Խաղաղութեան Արենեան- Արդարութիւնն ու Խաղաղութիւնը պիտի համբուրուին» հանդիպումին։

«Խաղաղութեան Արենա» հանդիպումները սկիզբ առած են Վերոնայի մէջ 1986ին «Երանի խաղաղութիւն կերտողներուն» շարժումի նախաձեռնութեամբ ապա իրենց շուրջ համախմբած են տարբեր ընկերակցութիւններ, որոնք կը գործեն հակաբռնութեան սկզբունքներով։

Այս տարի կազմակերպուած հաւաքին մարտ ամիսէն սկսեալ տեղի ունեցած կլոր սեղանները ունեցան հինգ կեդրոնական նիւթեր` գաղթականութիւնը, համապարփակ բնապահպանութիւնը եւ կեանքի կերպարները, աշխատանք եւ տնտեսութիւն, իրաւունք եւ ժողովրդավարութիւն, զինաթափում, որոնց նպատակը եղաւ ներգրաւել բոլոր անձերը, որոնք ի սիրտ ունին խաղաղութիւնը` խաղաղութիւն մը, որ կազմուած է բառերէ եւ գործերէ, մտածումներէ եւ գործողութիւններէ։

Սրբազան Քահանայապետը Արենա ժամանեց ինքնաշարժով եւ մեծ ծափողջոյնով ընկալուեցաւ այնտեղ համախմբուած 10 հազարէ աւելի մասնակիցներուն կողմէ ապա բարձրացաւ բեմ, սկիզբ տալով հանդիպումին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան վկայութիւններ, տեղի ունեցան գեղարուեստական բաժնի ընդմիջումներ, ապա «Խաղաղութեան Արենա» հանդիպումներուն իրենց ներդրումը բերող որոշ անձնաւորութիւններ հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Պապին, հարցումներ` որոնք կենդրոնացան խաղաղութեան պահանջին վրայ։

Ինչպիսի ղեկավարութիւն պէտք է խաղաղութեան գործընթացին համար

Հարցումներէն առաջինը ուղղեց Աֆղանիստանցի Mahbouba Serajը հարց տալով թէ ինչպիսի ղեկավարութիւն կարող է իրականացնել խաղաղութեան գործընթացը։

Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ մատնանշեց անհատապաշտութեան երեւոյթին, զգուշացնելով անոր ժխտական հետեւանքներէն, ապա հաստատեց «որ իշխանութեան տէր մարդը պէտք չէ միայնակ առաջնորդ մը ըլլայ» ու թէ «ոչ մէկը գոյութիւն ունի առանց միւսներուն», եւ «ոչ մէկը կարող է ամէն բան ընել առանձին»։

Իշխանութիւնը` որուն կարիքը ունինք այն իշխանութիւնն է, որ կարողութիւնն ունի ճանչնալու ու գիտակցելու նաեւ իր սահմանափակ կարողութիւններուն ու գիտէ հասկնալ, թէ որու պէտք է դիմէ օգնութեան ու համագործակցութեան համար, ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Երիտասարդներուն մէջ արթնցնել մասնակցութեան կիրքը

Խաղաղութեան զօրեղ գործընթացքները կառուցելու համար անհրաժեշտ է իշխանութիւն, որ գիտէ արժեւորել իւրաքանչիւրի յատկութիւնները ու զանոնք ներգրաւել հարցերու լուծման գործին մէջ...«Այսպիսի իշխանութիւն կը խթանէ մասնակցութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով որ «այսօրուայ մեծ մարտահրաւէրներէն մին այն է երիտասարդներուն միջեւ արթնցնել մասնակցութեան կիրքը», ու անոնց փոխանցել պատգամը` թէ ապագային տանող ճանապարհը կարող չէ անցնիլ միայն մէկ անհատի յանձնառումէն` այլ ժողովուրդի մը գործողութեան միջոցաւ, ուր իւրաքանչիւրը ունի իր դերը, իր կարողութիւններու հիման վրայ»։

Խաղաղութիւնը պէտք է խթանուի

Երկրորդ հարցումին նիւթն էր «խաղաղութիւնը պէտք է խթանուի» եւ այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը յղում կատարելով Աւետարանին հաստատեց թէ «Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ թէ պէտք է փոքրերուն կողքին ըլլանք, դիւրաբեկներու կողքին, կողքին անոնց` որոնք մոռցուած են։ Եւ Յիսուս մանուկները կը կոչէ ու անոնց կու տայ կեդրոնական տեղ, զանոնք ներկայացնելով որպէս հարկաւոր ու կարելի փոփոխութեան մը վկաները»։

“«Վերջ տալու համար պատերազմներուն ու բռնութիւններուն պէտք է մնալ փոքրերուն մօտիկ, յարգել անոնց արժանապատւութիւնը, մտիկ ընել անոնց ու բաժնեկցիլ անոնց ցաւը... «հակառակելով բռնութիւններուն, որոնց անոնք յաճախ թիրախ» եւ «դուրս գալ անտարբերութիւններէն»։”

Բոլորս պատասխանատու ենք

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա աշխարհի վրայ բազմաթիւ մանուկներուն, որոնք զոհ են բռնութիւններու ու չարաշահումներու, այս ուղղութեամբ ընդգծելով «բոլորին պատասխանատուութիւնը», տրուած ըլլալով, որ մանուկները կը տառապին «մեր իսկ պատճառաւ», որովհետեւ բոլորիս կ՛իյնայ անոնց պատասխանատուութիւնը եւ այս մէկը կը վերաբերի ըլլայ քաղաքացիներուն ըլլայ իշխանութիւններուն» ըսաւ Սրբազան Պապը մանուկներէն անդին անդրադառնալով եւ ուշադրութիւնը հրաւիրելով տարեցներուն վրայ, որ անտեսուած են եւ լքուած։

Խաղաղութիւնը կարիք ունի խնամքի

Երրորդ հարցումին նիւթն էր «Խաղաղութիւնը կարիք ունի խնամքի» ու զայն ուղղեցին բնապահպանութեան նիւթին նուիրուած կլոր սեղանին մասնակցող երկու կիներ։

Քահանայապետը կարդալով պաստառի մը վրայ զետեղուած գրութիւնը «ապառազմականացնենք միտքն ու տարածքները» դիտել տուաւ, թէ կը խօսինք խաղաղութեան մասին բայց շատ մը երկիրներուն մէջ ամենաշատ շահաբեր գործարանները` զէնք արտադրող գործարաններն են եւ «այս մէկը շատ վատ երեւոյթ է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա ակնարկեց այսօրուայ ընկերային կեանքին, որ յատկանշուած է առաքութեամբ, մատնանշելով «թուային յեղափոխութեան», որ վերջին տարիներուն մեզի թոյլ տուաւ միշտ աւելի կապուած ըլլալու եւ որ պէտք էր մեզի առիթ տար աւելի ժամանակ ունենալու, բայց իրականութեան մէջ այնպէս չէ... աշխարհը մրցավազքի մէջ է...ընկերութեան մէջ կայ յոգնութիւն...

“«Խաղաղութիւնը չի հնարուիր մէկ օրէն միւսը։ Խաղաղութիւնը խնամքի կը կարօտի ու եթէ մենք չի խնամենք խաղաղութիւնը պատերազմ պիտի ըլլայ...այսօր աշխարհը ունի ծանր մեղք մը. հոգ չի տանիր խաղաղութեան»։”

Դանդաղեցնել վազքը

«Պէտք է գիտնանք դանդաղեցնել վազքը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը տեղ տալով Աստուծոյ, եղբայրներու ու ընկերութեան գործերուն որ կը փնտռէ հասարակաց բարիքը»։ Դանդաղիլը հրաւէրն է, որպէսզի հաւասարակշռեցնենք մեր սպասումները դիմելով երկխօսութեան, որովհետեւ խաղաղութիւնը կը կառուցուի երկխօսութեամբ, յարեց Քահանայապետը նշելով, որ «պատերազմները յաճախ կը բխին համբերութեան պակասէն, խաղաղութիւնը կառուցելու համբերութեան պակասէն»։

Համբերութիւնը

«Համբերութիւնը բառն է, որ պէտք է կրկնենք յարատեւող ական կերով` խաղաղութիւն կատարելու համբերութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով «պոռթկումի պահերուն գիտնալ կանգ առնել...կանգ առնել ճիշտ ժամանակին»։

«Խաղաղութիւնը պէտք է փորձարկել»

Չորրորդ խորհրդածութեան նիւթը «խաղաղութիւնը պէտք է փորձարկել» նիւթն էր որուն մասին արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց «լարուածութիւններու ու բախումներու դիմաց անշարժ չի մնալու» եւ «ըլլալու ստեղծագործ»։ Հակամարտութենէ մը կարելի չէ դուրս գալ առանձին, հարկաւոր է հասարակութիւնը, ընտանիքին, բարեկամներուն օգնութիւնը» ...

Յաճախ փորձուած ենք մտածելու, որ հակամարտութենէ մը դուրս գալու լուծումը զանոնք անտեսելն է...բայց այս մէկը ժամային ռումբ մըն է։ Ասոր համար երբ հարցեր կան, կայ լարուածութիւն կան հակառակութիւններ պէտք է, որ խօսինք անոնց մասին, բաժնեկցինք զանոնք ու լուծենք, միասնաբար։

Սրբազան Պապը հրաւիրեց ապա մտածել եւ ընդունիլ որ հակամարտութիւնները մաս կը կազմեն մեր առօրեային, վախ չունենալ անոնցմէ ու ջանալ գործի լուծուիլ որոնելու համար ներդաշնակութիւնը դիմելով միշտ երկխօսութեան։

“Երկխօսութիւնը սակայն հաւասարութեան հասնիլը չէ, ո՛չ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր գաղափարը, անիկա բազմակարծութիւնը կիսել է։”

«Ընկերութիւն մը առանց հակամարտութեան մեռած ընկերութիւն է, ընկերութիւն մը որ հակամարտութիւնները թաքուն կը պահեն, անձնասպան ընկերութիւն է, ընկերութիւն մը, ուր հակամարտութիւնները կը դիմագրաւուին եւ երկխօսութեան կը դիմուի, ապագայի ընկերութիւն է» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Խաղաղութիւնը պէտք է պատրաստել»

Հինգերորդ ու վերջին հարցումին նիւթն էր «Խաղաղութիւնը պէտք է պատրաստել» նիւթը, զոր միասնաբար ներկայացուցին Իսրայէլացի եւ Պաղեստինցի երկու գործատէրեր, որոնք կը հաւատան, թէ խաղաղութիւնը ամենամեծ ձեռնարկն է, զոր պէտք է իրականացնել։

«Կարելի չէ խաղաղութիւնը առանց խաղաղ տնտեսութեան։ Տնտեսութիւն մը` որ չի սպաներ։ Արդարութեան տնտեսութիւն» ըսին անոնք միաձայն, հարց տալով ինչպէս կարելի է օգնել երիտասարդներուն, որպէսզի դառնան խաղաղութեան ձեռնարկատէրեր։

Ողջագուրումը ապագայի ծրագիր

Սրբազան Պապը մէկդի դնելով պատրաստուած պատասխանը ըսաւ, թէ այս երկու եղբայրներու տառապանքին դիմաց, որ տառապանքն է երկու ժողովուրդներու, կարելի չէ բան մը ըսել։ Անոնք քաջութիւնը ունեցան զիրար ողջագուրելու եւ այս մէկը ոչ միայն խաղաղութեան ձգտելու քաջութիւն ու վկայութիւն է, այլ է նաեւ ապագայի ծրագիր»։

Ի՞նչ բանի կը ծառայէ պատերազմը

«Զիրար ողջագուրել, երկուքն ալ կորսնցուցին իրեն հարազատները, պատերազմի պատճառաւ։ Ի՞նչ բանի կը ծառայէ պատերազմը։ Եթէ կը բարեհաճիք պահ մը լռութիւն պահենք, ու նայելով այս երկուքի ողջագուրումին, իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ թող աղօթէ խաղաղութեան Տիրոջ եւ որդեգրէ առաջադրանք մը` բան մը ընելու պատերազմի աւարտին համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց մտածել նաեւ մանուկներուն ... որոնք «պատերազմի պատճառաւ իրենց ժպիտը կը կորսնցնեն»։

Աղօթենք խաղաղութեան համար

«Մտածենք ծերունիներուն, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը աշխատեցան յառաջ տանելու այս երկու Երկիրները եւ այժմ կ՛ապրին պարտութիւն մը, բոլորիս համար պարտութիւն։ Աղօթենք խաղաղութեան համար եւ այս մեր երկու եղբայրներէն խնդրենք, որ մեր խաղաղութեան իղձը ու խաղաղութեան համար աշխատելու կամքը տանին իրենց ժողովուրդներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2024, 12:40