Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Դրոշմի խորհուրդին մօտեցող Ճենովայի պատանիներուն հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 11 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առօրեայ պաշտօնական հանդիպումները սկսաւ իր Վատիկանի բնակարանի Սանթա Մարթա պալատի հրապարակին վրայ հանդիպում ունենալով Իտալիոյ Ճենովա քաղաքէն ժամանած աւելի քան 1.000 պատանիներուն հետ որոնք կը պատրաստուին եւ կամ արդեն մօտեցած են Դրոշմի Խորհուրդին։
Նորին Սրբութիւնը ապա յաջորդաբար ընդունեց Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Ռոպերթ Փրեվոսթը Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, Պրազիլի Մարինկա թեմին Արքեպիսկոպոսը` Գերապայծառ Սեվերինօ Քլազէն, Հնդկաստանի Սիվանկակայ թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Լուրտու Անանատամ ապա Պավիերայի ազատ Նահանգի Նախագահ-Վարչապետ Տիար Մարքուս Սոտէրը անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ եւ Արժանթինի «Asociación de Magistrados»ի նախագահ Տիար Անտրէս Ֆապիան Պասսօ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց «World Meeting on Human Fraternity» համաժողովին մասնակցողները եւ կէսօրէն ետք ժամը 5ին Սիւնհոդոսի Սրահին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարդկային եղբայրութեան վերոնշեալ համաշխարհային համաժողովէն ներս կազմակերպուած «Մանուկներուն» նուիրուած կլոր սեղանին։
Վերադառնալով Քահանայապետի օրուան առաջին հանդիպումին նշենք որ այս անցեալ տարի եւս Մայիս ամսուայ մէջ Սրբազան Պապը ունեցաւ նման հանդիպում մը պատանիներուն ուղղելով հակիրճ բարի գալուստի խօսք մը։ Խօսք որ ան ուղղեց նաեւ այս տարի եւ որուն մէջ ըսաւ. «Սիրելի բարեկամներ բարի լոյս, շատ ուրախ եմ, որ ձեր կը հանդիպիմ։ Այս ճամբորդութեան որպէս յիշատակ ձեզի կու տամ վարդարան մը։ Սակայն աղօթելու համար։ Կու տամ նայեւ պարտականութիւն մը, բարեւեցէք ձեր ծնողները, ձեր տատիկներն ու պապիկները։ Դուք գիտէք, որ տատիկները իմաստուն եւ բարի անձեր են», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու հրաւիրելով արտասանել Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ