Ֆրանչիսկոս Պապ «Սիրոյ սուրբ խելագարութեամբ» հիւանդներուն ծառայութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 23 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մայրապետներու Սուրբ Սիրտ հիւանդանոց» եւ Սան Քամիլօ դուստրեր» միաբանութիւններուն ընդհանուր ժողովներուն մասնակիցները։
Ողջոյնին խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ յիշեալ երկու միաբանութիւններուն յուզիչ պատմութեան եւ հիմնադիրներու մասին, «որոնք սուրբ Հոգիին ներքեւ իրականացուցին մեծ գործեր՝ հոն ուր սիրոյ կարիքը կայ, առանց չափազանց հաշուարկներուն, խելագար սիրոյ համբերութեամբ», ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա յիշեց Մարիա Անկուսթիաս Ճիմենզը, Աստուծոյ աղախին Մարիա Ժօզէֆ Ռէչիօ եւ Սուրբ Պենետեթօ Մէննի, որ 1881ին, ներշնչուելով Աստուծոյ սուրբ Յովհաննէսէն, տառապանքին եւ դժուարութիւններուն մէջ գտնուող Սպանիոյ մէջ սկսան վեհանձն աշխատանքի՝ վերջիններուն ծառայութեան ի սպաս յատկապէս Հոգեկան հիւանդութիններէն տառապող անձերուն»ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ այդպէս ծնան մայրապետներուն սուրբ Սիրտ հիւանդանոցները եւ դուք շարունակեցիք ձեր առաքելութիւնը, տարածելով ձեր ծառայութիւնը՝ նոր աղքատութեան եւ տառապանքի մէջ Աստուծոյ ողորմածութիւնը ներկայ դարձնելու համար, հիւանդանոցին աշխատանքէն ներս», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Սան Քամիլլօ դուստրերու միաբանութեան մասին նշելով, որ Սրբուհի Ճուզէփփինա Վաննինի, ներշնչուելով Սուրբ Քամիլլօ Լելլիսէն, հիմնեց Սան Քամիլլօ դուստրերու միաբանութիւնը։ Սրբազան Հայր նշեց որ ինք մտած է այդ հիւանդանոցը վիրահատութիւններու համար,։
Սրբուհի Ճուզէփփինա Վաննինի հիւանդները յանձնեց ձեր սիրոյ, բուժման համար՝ առաջին եւ ան փոխարինելի դեղամիջոցը։ «Սիրելի քոյրեր այս ամէնը նշան է եւ հրաւէր ձեր ժողովներուն զատորոշումներուն մէջ, նշան է չվախնալու եւ թոյլ տալու, մղուելու ձեր հիմնադիրներու յանդգնութեան, համարձակութեան եւ վտանգի ենթարկուելու յանուն այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնց Աստուած կը դնէ ձեր ճանապարհին վրայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով եւ քաջալերելով երբեք չկորսնցնել ուրախութիւնը, ժպիտը եւ սիրտի ուրախութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական օրհնութիւնը տալէ ետք խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ