Յունաստանի «Apostoliki Diakonia» Աստուածաբանական Վարժարանի պատուիրակութիւնը Քահանայապետին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 16 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Յոյն Եկեղեցւոյ «Apostoliki Diakonia» Աստուածաբանական Վարժարանի պատուիրակութեան գլխաւորութեամբ Վարժարանի ընդհանուր տնօրէն Մետրոպոլիտ Ակաթանկելոսի։
Ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ուրախութիւն արտայայտեց անոնց հետ հանդիպելուն համար ու անոնց Վատիկան ներկայութեան համար « Apostolikì Diakonia»ի եւ Քրիստոնեաներու Միութեան Վերատեսչութեան Մշակութային Համագործակցութեան Կաթողիկէ Կոմիտէի միջեւ համագործակցութեան քսանամեակի առիթով։
Հանդիպումի առիթէն օգտուելով Սրբազան Պապը իր եղբայրական ողջոյնը յղեց Աթէնքի Արքեպիսկոպոս Երոնիմոսին, զայն որակելով «խոր հաւատքի մարդ եւ իմաստուն հովիւ», որուն հետ հանդիպած էր Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
«Այս քսան տարուան ընթացքին, շրջանցելով դժուար ժամանակաշրջաններ, ինչպէս Յունաստանը հարուածած տնտեսական ճգնաժամը եւ Համաճարակը, «Apostolikì Diakonia»ն եւ Մշակութային Համագործակցութեան Կաթողիկէ Կոմիտէն միասին աշխատեցան խթանելու համար միասնական ծրագիրներ` մշակութային եւ կրթական գետնի վրայ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը գնահատելով անոնց ընտրութիւնը` «մշակութային, աստուածաբանական եւ համամիութենական կազմաւորում երաշխաւորելու նոր սերունդին»։
«Երիտասարդները հաւատքի վրայ հիմնուած յոյսով, կարող են կոտրել վրդովմունքի, թիւրիմացութեան և նախապաշարմունքներու շղթաները, որոնք դարեր շարունակ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները պահեցին բանտարկուած, թոյլ չտալով անոնց իրար ճանչնալ .որպէս բազմազանութեան մէջ միացած եղբայրներ, որ կարող են վկայել Քրիստոսի սէրը, յատկապէս այս այնքան բաժանուած և հակասական աշխարհին մէջ» յարեց ապա Քահանայապետը, որ խօսքին աւարտին մաղթեց, որ այդ միասնական համագործակցութիւնը շարունակուի նշելով. «Քալելով միասին, աշխատելով միասին եւ աղօթելով միասին, կը պատրաստուինք Աստուծմէ ընդունելու միութեան պարգեւը, որ որպէս Սուրբ Հոգիին պտուղ կը դառնայ հաղորդութիւն եւ ներդաշնակութիւն օրինական տարբերութիւններուն մէջ։
Ան ապա խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը եւ ներկաներուն շնորհելով իր օրհնութիւնները ու հրաւիրելով զանոնք միասնաբար աղօթելու տէրունական աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ