2019.01.08 Prostituzione, tratta donne, rapimento, maltrattamento, tortura, schiavitù donna

Քահանայապետին պատգամը «Թալիթա Քում» միջազգային ցանցի անդամներուն

«Մարդավաճառութիւնը` այն գործունէութիւնն է, որ չի յարգեր եւ կ՛անտեսէ որևէ անձ, մեծ շահոյթ երաշխաւորելով անբարոյ մարդկանց» նշեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 23 Մայիս 2024 ին ի շարս հանդիպումներու ու պաշտօնական ընդունելութիւններու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց «Թալիթա Քում»` մարդավաճառութեան ողբերգութեան դէմ գործող միջազգային ցանցի Ընդհանուր Բ Ժողովի մասնակիցներուն ու պատուիրակներուն, որոնք անցեալ 18 մայիսին սկիզբ տուած էին իրենց հաւաքին, որ պիտի աւարտի յառաջիկայ 24 Մայիսին։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը իր երախտագիտութիւնը կ՛արտայայտէ Ցանցին կատարած աշխատանքին համար` «յաղթահարելու համար մարդավաճառութեան՝ մեր ժամանակի ամենասարսափելի պատուհասներէն մէկը», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ հրաւիրելով շարունակել պայքարը վերացնելու համար այս հարցը, որ յաճախ ի յայտ կու գայ նաեւ պատերազմներու ու հակամարտութիւններու պատճառաւ ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութեան եւ անհաւասարութեան պայմաններու պատճառաւ, որոնց մէջ կը գտնուին մասնաւորապէս կիներն ու մանուկները։

«Մարդավաճառութիւնը` այն գործունէութիւնն է, որ չի յարգեր եւ կ՛անտեսէ որևէ անձ, մեծ շահոյթ երաշխաւորելով անբարոյ մարդկանց» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ դիտել տալով, որ թէեւ այս երեւոյթը աճումի մէջ է պէտք չէ յուսալքուիլ ու «Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ շատերուն յանձնառումով կարող ենք զայն վերացնել» եւ այս մէկը ընել «մօտիկ մնալով զոհերուն, զանոնք ունկնդրելով, օգնելով անոնց վերականգնելու եւ միասին գործելու մարդավաճառութեան դէմ»։

Յղում կատարելով Լիագումար հաւաքի բնաբանին. «Միասին քալել վերջ դնելու համար մարդավաճառութեան», Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, թէ ինչպէս «Թալիթա Քում»ը դարձաւ ընդհանրական ցանց մը, որ լաւապէս արմատացած է Եկեղեցւոյ մէջ», որ յղման կէտ դարձաւ բոլոր զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ դիւրաբեկ անձանց ու հասարակութիւններուն համար»։ Ան ապա քաջալերեց ցանցի անդամները յարատեւելու այս ճանապարհին վրայ շնորհակալութիւն յայտնելով կատարուած աշխատանքին համար։ 

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը հայցեց Սուրբ Կոյսի Մարիամի հովանին ու իր օրհնութիւնները շնորհեց բոլորին խնդրելով` որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2024, 12:21