Երջանկութիւն կը նշանակէ խաղաղութեան մէջ ապրիլ` որպէս բարեկամներ. Պապին զրոյցը մանուկներուն հետ

Ի՞նչ է երջանկութիւնը եւ ինչպէս կարելի է բոլորս իրար եղբայր զգալ. Ի՞նչ է պատերազմը եւ որքան կարեւոր է խաղաղութիւնը։ Ապա մեծ պապիկ մամիկներու ու թոռնիկներու միջեւ կապը եւ Աստուծոյ հետ ապրելու գեղեցկութիւնը։ Նիւթեր ես որոնց մասին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապագայի նուիրուած հանդիպումի ընթացքին երկխօսութիւն ունենալով պատանիներուն հետ։ Ձեռնարկը մաս կը կազմեր «Fratelli tutti» հիմնարկին կողմէ եղբայրութեան մասին կազմակերպուած ձեռնարկին։
Ունկնդրէ այս ու Քահանայապետի հանդիպումներուն վերաբերող այլ լուրեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մանուկներ. ապագայի սերունդ» բնաբանն էր այն հանդիպումին որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, շաբաթ 11 Մայիսի կէսօրէն ետքը Վատիկանի Սիւնհոդոսի Նոր դահլիճին մէջ` #BeHuman հանդիպումի ծիրէն ներս, որ նուիրուած է Մարդկային Եղբայրութեան եւ որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի եւ Հռոմի մէջ 10 եւ 11 Մայիսին։

Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ

Հանդիպումը կազմակերպուած էր «Fratelli tutti» հիմնարկի կողմէ ու կազմուած «մարդկային ու խաղաղ աշխարհի մը ի նպաստ» թեմային վրայ հիմնուած 12 կլոր սեղաններէ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երեսունի մօտ խաղաղութեան Նոպէլեանի մրցանակակիրներ, ինչպէս նաեւ գիտական, ակադեմիական, գործարարական, մարզական ու այլ ասպարէզներու կարեւոր անձնաւորութիւններ, որոնք միասին աշխատեցան խորացնելու համար եղբայրութեան սկզբունքը զանազան մարզերէն ներս, նպատակ ունենալով առաջարկներ ներկայացնել եղբայրական մոլորակի մը համար՝ փնտռելով պատերազմներուն և աղքատութեան այլընտրանքներ։ #BeHumanի մարտահրաւէրն է թէ այս մէկը կարելի է։

Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ

Մանուկներուն հետ Քահանայապետին հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը զրուցեց անոնց հետ ինք տալով առաջին հարցումը. «Ի՞նչ է ձեզի համար երջանկութիւնը» ապա «Ու՞ր կը վաճառուի» մինչ մանուկներէն ոմանք անկեղծ իրենց պատասխանները տուին ըսելով, թէ «երջանկութիւնը ինծի համար, մէկ ու միակ ընտանիք ըլլան է», «ինծի համար խաղաղութիւնն է».... Անիկա ոչ մէկ տեղ կը վաճառուի այլ մեզմէ կու գայ» կը պատասխանէ հուսկ այլ մանուկ մը։

Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ

Նորին Սրբութիւնը ապա հարց կու տայ ինչպէս կարելի է կապի մէջ մնալ Աստուծոյ հետ եւ այս հարցումին պատասխանները կ՛ըլլան. Աղօթելով. Սիրելով....Սրբազան Պապը առ այս յիշեց պատերազմի մէջ գտնուող բազմաթիւ մանուկները, որոնք զուրկ են կերակուրէ, կ՛ապրին ռումբերու տակ եւ հաստատեց «պատերազմ չկատարելու համար պէտք է կիսել սէրը խաղաղութեան հետ»։

Մինչ հարց ու պատասխանները յառաջ կ՜ընթանային պատանի մը կը հարցնէ եթէ կարելի է իր մեծ մօր համար աղօթք մը կատարել եւ Քահանայապետը ընդհատելով զրոյցը կը հրաւիրէ բոլորը միասին Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը արտասանելու, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը բացագանչէ. Կեցցէն մեծ պապիկ ու մեծ մամիկները», որմէ ետքը զրոյցը կը կեդրոնանայ բարեկամութեան վրայ ու բարեկամական սիրոյ վրայ։

Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ

Ապա կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն Քահանայապետին կը յանձնէ հանդիպումը խորհրդանշող Աւետարան մը, որ պատկանած էր Հայր Փինօ Փուլյիզիին, որ իր կեանքը նուիրած էր երիտասարդներու դաստիարակութեան եւ սպաննուած Մաֆիայի կողմէ։ «Եթէ մենք տոգորուած ըլլանք Աւետարանով կարող ենք աշխարհը փոխել» ըսաւ ի միջի այլոց Հայր Ֆորթունաթոն ապա ընթերցումը կատարուեցաւ «Եղբայրութեան հռչակագիրին», որ ստորագրուած էր «աշխարհի բոլոր մանուկներուն կողմէ» եւ կազմուած անոնց զանազան գրութիւններու եւ մտքերու հիման վրայ, ուր ի յայտ կու գայ անոնց իղձը ապրելու` որպէս եղբայրներ, մէկը միւսը իրարմէ տարբեր, բայց միացած։

Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ

Մանուկները արդարեւ կը հաւատան երազներուն եւ մեծահասակները կը հրաւիրեն «սերմանելու յոյսի սերմեր եւ ծիլ տալու քնքշութեան արարքներուն»։ Օգնեցէք մեզի իրականացնելու աւելի լաւ աշխարհի մը մեր երազը ուր կարելի ըլլայ ապագայի մը կարելիութիւնը առանց, որ ապագան կամաց կամաց մեր երազները կործանէ։ Թոյլ տուէք մեզի, որ վազենք ձեր հետ, խաղաղութեան ու հասկացողութեան ճանապարհին վրայ, աճումի ընկալումի եւ յոյսի ճանապարհին վրայ» կը հաստատեն մանուկները հռչակագիրին մէջ։

Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը մանուկներուն հետ

Նախ քան հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Պապը կը բացատրէ, թէ ի՞նչու ինք ուզած էր Մանուկներուն յատկացուած Օր մը նուիրել, հաստատելով, որ «աշխարհիս ապագան կը գտնուի մանուկներուն եւ տարեցներուն մէջ»….Տարեցները իմաստութիւն կը փոխանցեն եւ այս մէկը օգուտ է մանուկներուն, որպէսզի աճին ու զարգանան բայց կայ նաեւ այլ պատճառ մը` այն է, որ մանուկ մը իր մօր գիրկին մէջ ինքզինք կը զգայ ապահով։ «Մենք ալ Աստուծոյ հետ պէտք է զգանք նոյնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ նախ քան սրահը լքելը շարունակեց մէկիկ մէկիկ ողջունել իր շուրջ համախմբուած մանուկները անոնց հետ կատակ ընելով ու զրուցելով բարեկամաբար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2024, 21:37