Մանուկները կարող են յեղափոխութիւն կատարել բանալով տարեցներուն սիրտը

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը անցաւ մեծ յաջողութեամբ մասնակցութեամբ աշխարհի 101 երկիրներէ ժամանած աւելի քան յիսուն հազար մանուկներու։ Քահանայապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն հաստատելով նաեւ որ միշտ կարելի է խաղաղութիւն կատարել ու թէ աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու համար պէտք է սկսինք մեր շուրջինները սիրելէ։ Եսասիրութիւնն ու պատերազմը պատճառ են անարդարութիւններու։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մանուկները գիտեն ինչպէս խաղաղութիւն կերտել ու հրատապ իղձն ունին զայն բարձրաձայն աղաղակելու բոլորին։ 101 երկիրներէն աւելի քան յիսուն հազար մանուկներ ընդառաջեցին Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրին ու իրենց մասնակցութիւնը բերին Մանուկներու Համաշխարհային առաջին Օրուան , զոր տեղի ունեցաւ Հռոմի Օլիմփիքօ մարզադաշտին մէջ, տօնական մթնոլորտի մէջ, մասնակցութեամբ նաեւ իտալացի դերասաններու, երգիչներու, լրագրողներու ու արուեստի աշխարհի պատկան ներկայացուցիչներու հետ։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

Հաւաքը սկիզբ առաւ երգերով, ելոյթներով, վկայութիւններով հուսկ Նորին Սրբութիւնը մարզադաշտ ժամանեց սպիտակ ինքնաշարժով դաշտին շրջանը կատարելով ու ողջունելով բոլոր մանուկները մինչ մանուկներն ու պատանիները կ՛երգէին օրուան նուիրուած օրհներգը։

Հանդիպումին սկիզբը մի քանի մանուկներ, ներկայացնելով աշխարհի տարբեր ցամաքամասերն ու երկիները, տարբեր լեզուներով ողջունեցին Ֆրանչիսկոս Պապին, որ մինչ այդ տեղ գրաւած էր իրեն համար պատրաստուած բազկաթոռի վրայ, շրջապատուած խումբ մը մանուկներէ։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

Մանուկներու ողջոյնի խօսքերէն ետք Սրբազան Պապը պատգամ ուղղեց ներկաներուն նշելով, որ «այսօր սկիզբ առաւ Մանուկներու Համաշխարհային օրուան արկածախնդրութիւնը» եւ «համախմբուած ենք Օլիմփիքօ մարզադաշտին մէջ մեկնարկ տալու մանուկներու շարժումի մը` որոնք կ՜ուզեն կառուցել խաղաղ աշխարհ մը, ուր բոլորս ալ եղբայրներ ենք, աշխարհ մը, որ ապագայ ունի, որովհետեւ կ՛ուզենք հոգ տանիլ շրջապատին»։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հաստատեց, որ «Եկեղեցին որ մայր է, կ՛ընկալէ մանուկները եւ անոնց կ՛ընկերանայ քնքշութեամբ ու յոյսով» ապա ակնարկեց անցեալ տարուայ 7 նոյեմբերին աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած մանուկներու հետ Վատիկանի մէջ իր ունեցած հանդիպումին, նշելով որ այդ հանդիպումը կարեւոր հետք թողուց իր սրտին մէջ ու ասկէ մեկնելով է, որ որոշեց հաստատել այս օրը։

«Ասոր համար է որ այստեղ կը գտնուինք այսօր, շարունակելու համար երկխօսութիւնը, հարցեր տալու ու միասին որոնելու անոնց պատասխանները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

 2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

«Գիտեմ, որ տխուր էք պատերազմին համար» շարունակեց Ան մատնանշելով առաւօտեան Վատիկանի մէջ ուքրանիայէն ու պաղեստինէն փախուստ տուած մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումին, ապա մանուկներուն հարց տուաւ «Պատերազմը գեղեցի՞կ բան է» անոնք միաձայն պատասխանեցին «ոչ»։ «Իսկ խաղաղութիւնը գեղեցի՞կ է» հարց տուաւ դարձեալ Ֆրանչիսկոս Պապը ու մանուկներուն պատասխանը եղաւ «այո»։

Մատնանշելով ապա թէ շատ մը մանուկներ կարելիութիւն չունին դպրոց երթալու Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել անոնց համար ու նաեւ այն մանուկներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ, անոնց համար` որոնք ուտելիք չունին եւ կամ հիւանդ են ու զիրենք ոչ մէկը կը խնամէ։

 2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

Ակնարկելով Օրուան բնաբանին Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ անիկա քաղուած է Սուրբ Գիրքէն «Ահա ես ամէն բաները նոր կը դարձնեմ» հրաւիրելով մանուկները միաձայն կրկնելու սոյն բնաբանը, ապա աւելցուց, որ «Աստուած ասիկա կ՛ուզէ։ Աստուած նորութիւն է։ Եւ այն ինչ` որ նորութիւն է չ՛անցնիր»։

Խրախուսելէ ետք մանուկները միշտ ուրախ ըլլալու ու անոնց վստահեցնելէ ետք թէ Յիսուս զիրենք կը սիրէ Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը»։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

Նորին Սրբութեան այս ողջոյնի խօսքէն ետքը տարբեր ազգութիւններու պատկան տասը մանուկներ հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Պապին, հարցումներ վերաբերող խաղաղութեան, իրար սիրելու կամ աշխարհը աւելի լաւ դարձնելու կերպի մասին։

Հարցումին թէ ի՞նչպէս կարելի է խաղաղութիւնը, Սրբազան Պապը հրաւիրեց մարզադաշտի բոլոր մանուկները իրար հետ ձեռնուելու , մինչ ինք այդ մէկը կը կատարէր իրեն մօտ կեցող մանուկին հետ։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

Քահանայապետը հուսկ իր ուրախութիւնը արտայայտեց այնտեղ գտնուելուն համար, որովհետեւ «դուք ուրախ էք եւ ձեր մէջ ունիք ապագայի յոյսի ուրախութիւնը» յարեց ան եւ հարցումին` թէ եթէ կարելիութիւնն ունենար հրաշք գործելու ի՞նչ հրաշք պիտի ուզենար գործել, պատասխանեց «պիտի խնդրէի որ բոլոր մանուկները ապրելու անհրաժեշտը ունենային, կարողանային խաղալ, ուտել, ուրախանալ, դպրոց երթալ, եւ ըլլալ երջանիկ»։

«Ի՞նչու շատ մը մարդիկ ոչ տուն ոչ աշխատանք ունին» հարց տուաւ ապա Նիքարակուայէն մանուկ մը ու Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց, թէ այս մէկը պտուղն է «չարութեան, եսասիրութեան և պատերազմի»։

Արդարեւ շատ մը երկիրներ մեծ գումարներ կը ծախսեն զէնք պատրաստելու համար, և կան մարդիկ, որոնք ուտելու բան չունին։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը
2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրը

«Ամէն օր աղօթեցէք երեխաներու համար, որոնք կը տառապին այս անարդարութեան պատճառաւ», եղաւ Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրը հազարաւոր մանուկներուն, որոնցմէ խնդրեց նաեւ պահ մը լռութիւն պահել, յիշելու ու դատապարտելու անարդարութիւնները։

Ի՞նչպէս բանալ մեծերուն սիրտը, հարցուց ապա Հարաւային Քորէայէն մանուկ մը ու Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ կան կարծր սրտով մարդիկ ու այդ մէկը դիւրին չէ. «Բայց դուք մանուկներ պէտք է թակէք մեծերու դռները և անոնց ուղղէք հարցեր ու այդ հարցերը ուղղել նաեւ Աստուծոյ։ Դուք մանուկներ կարող էք իսկական յեղափոխութիւն մը կատարել» շեշտեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ որուն մտածումը գնաց նաեւ տարեցներուն ու խրախուսեց չկղզիացնել զանոնք, այլ այցելել, «որովհետեւ իրենց կեանքը նուիրեցին ընտանիքի համար եւ պատմութիւնը կը փոխանցեն» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, որ հաւաքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, ու իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 19:33