Ֆրանչիսկոս Պապ Պենտեկոստէի տօնին օրը Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ Պենտեկոստէի տօնին օրը Սուրբ Պատարագի ընթացքին  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Քրիստոնեաները թող բարեկամ ըլլան, դուրսը շատ թշնամիներ ունինք:

Ֆրանչիսկոս Պապին սրտաբուխ խօսքը բողոքական համամիութենական կազմակերպութեան պատուիրակութեան անդամներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 22 մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Հոնք Քոնք» բողոքական համամիութենական կազմակերպութեան քրիստոնեայ պատուիրակութիւնը ու անոնց ուղղեց սրտաբուխ պատգամ մը, որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց իսկական մխիթարութիւն ներշնչող քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու այս այցելութեան համար: Կեդրոնացնելով ապա խօսքը քրիստոնեաներու միջեւ միութեան վրայ Ֆրանսիականս Պապ յիշեց մէկ տարի առաջ կեանքէն հեռացած ուղղափառ եկեղեցւոյ Զիզիուլաս անունով եպիսկոպոսին խօսքը, «եկեղեցիներուն միութեան ականատես պիտի ըլլանք՝ լոկ վերջին դատաստանի օրը, սակայն միաժամանակ միասին պիտի աղօթենք եւ աշխատինք: «Միասին աշխատիլը շատ կարեւոր է, որովհետեւ բոլորս կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսին, աղօթենք եւ աշխատինք միութեան համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ այլ պատրիարքի մը Պօղոս Զ Պապին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքը. «Եկէք մէկ բան կատարենք, Բոլոր աստուածաբանները դնենք մէկ կղզիի մէջ, որպէսզի անոնլ իրարու հետ վիճին եւ մենք խաղաղութեան մէջ յառաջ ընթանանք»:

Քահանայապետը դարձեալ յիշեց Պօղոս Զ Պապը ըսելով, որ քահանայապետը Ուկանտա կատարած այցելութեան ժամանակ խօսած է կաթողիկէ եւ Անկլիքան մարտիրոսներուն մասին ընդունելով որ այդ բոլորը մարտիրոսներ են: Նորին Սրբութիւնը նշեց որ ինք եւս ճանչցած է Ղպտի մարտիրոսները:

«Երկու մկրտութիւններ կան, առաջինը որ ունինք բոլորս, մկրտութիւնը զոր ստացանք, երկրորդ որ Տէրը կ՝ըսէ, «արեան մկրտութիւնը» մարտիրոսութիւնը: Եւ բոլորս գիտենք թէ ինչ է բազմաթիւ քրիստոնեաներուն մարտիրոսութիւնը, որոնք իրենց կեանքը տուին հաւատքին համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով իր սրտբուխ խօսքը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2024, 12:20