Ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը վերանորոգեց հայր Քարլոսի քաջալերանքը՝ մօտիկ կանգնելու աղքատներուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց, Արժանթինի մէջ սպաննուած հայր Քարլոս Մուճիքայի մահուան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հայր Քարլոս եղած է Արժանթինի Վիլլերօ քաղաքի առաջին քահանան ու եղած է հիմնադիրը «Երրորդ աշխարհի քահանաներ» շարժումին եւ «Բուժել Վիլլերոս» անուան բարեգործական կազմակերպութեան, նուիրուած աղքատներուն ծառայութեան։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է 1959ին։ 11 մայիս 1974ին, Արժանթինի մէջ քաղաքական ծանր տագնապի օրերուն, եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, Հայր Քարլոս զէնքով սպաննուեցաւ հակա համայնավարական կուսակցութեան անդամի մը կողմէ։ Անոր թաղման արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 20 հազար անձեր ու անոր մարմինը կը հանգչի 1999 թուականէն «Օպրերօրոյի Քրիստոս» անուան եկեղեցւոյ մէջ, այն ժամանակուան Պուէյնոս Այրէսի արք, Կարդինալ Պերկոլիոյի լիազօրութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նամակը կարդացուեցաւ, կիրակի 12 մայիսին, Պուէնոյ Այրէսի մարզադաշտին մէջ Հայր Քարլոսի մահուան 50րդ տարեդարձին նուիրուած սուրբ պատարագի ընթացքին։
Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հաւատացեալներուն եւ կը քաջալերէ շարունակելու մօտիկ կանգնիլ աղքատներուն եւ փնտռել համալրումի վայրեր5 հեռանալով անոնցմէ որ որակազրկեն ուրիշը ։
Սրբազան Հայրը նամակին մէջ նշեց թէ հայր Քարլոսը այսօր եւս կը յորդորէ, որպէսզի ամէն թաղամասերուն մէջ ամրապնդուի համայնք մը, կազմակերպուած ընկերանալու ժողովուրդի կեանքը եւ պայքարելու ամէն տեսակի անարդարութեան դէմ, վարելով խելացի վերաբերմունք Պետութեան եւ ընկերութեան հետ։
Նորին Սրբութիւնը նշեց որ Արժանթինցի հայր Քարոլսը մեզի կը սորվեցնէ թոյլ չտալու ենթարկուելու գաղափարական գաղութատիրութեան եւ ոչ իսկ անտարբերութեան մշակոյթին յոյս յայտնելով որ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան սկզբունքներ պտուղ տան մեր համայնքներու եւ ազգին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ